Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պաապտայի մէջ ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ վերսկսաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ խորհրդակցութիւններուն:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ դարձեալ խօսած է 18 մասնագէտ նախարար հաշուող կառավարութեան մը մասին, որուն նպատակն է երկիրը իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն դուրս բերել:
Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հիմնական նպատակը Լիբանանի քանդումը կասեցնելն է:
Հարիրի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին լսած է հանրապետութեան նախագահին տեսակէտներն ու իմացած անոր ցուցմունքները: «Երկուշաբթի օր դարձեալ պիտի հանդիպիմ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ պիտի ունենամ այն հիմնական պատասխանները, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել կառավարութիւնը», ըսաւ ան:
Հարիրի վերահաստատեց, որ որեւէ կառավարութեան հիմնական նպատակը երկրին փլուզումին վերջ դնելն է, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը եւ տնտեսական տագնապը կասեցնելը: «Կազմուելիք կառավարութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ժողովուրդին յոյս ներշնչել եւ հորիզոններ բանալ` վերջ տալու համար լիբանանեան դրամանիշին անկումին», շեշտեց ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը կը միտի մեղմացնել հանրապետութեան նախագահութեան ու վարչապետութեան միջեւ արձանագրուած երէկուան բախումը եւ հանդարտեցնել մթնոլորտը: «Երկուշաբթի դարձեալ պիտի հանդիպիմ նախագահ Աունի հետ եւ պիտի շարունակեմ մնալ անկեղծ ու հաղորդել կառավարութեան կազմութեան ընթացքին մասին: Ներկայիս կայ առիթ մը, որմէ պէտք է օգտուիլ եւ մինչեւ երկուշաբթի օր կարենալ զարգացում մը արձանագրել», եզրափակեց ան:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յետմիջօրէին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի վերաբերեալ որդեգրուած գործելաոճն ու աշխատելաձեւը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին: