Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:50-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը չեն քննարկած` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:
«Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք վերացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ հաւասարակշռուած է», հաստատեց Միքաթի:
Միքաթի շեշտեց, որ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութիւնները դրական են` մաղթելով, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային յայտարարուի:
Ան նշեց, որ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութիւնները կը կեդրոնանան այն իրականութեան վրայ, որ ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը նշանակուի: «Անշուշտ կը նախընտրենք, որ նշանակուելիք նախարարները ըլլան ատակ` ստանձնելու համար համապատասխան նախարարութիւնները», ընդգծեց ան:
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով Միքաթի հերքեց բոլոր այն լուրերը, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չի փափաքիր, որ կառավարութիւնը կազմուի:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք նախկին վարչապետներուն հետ մնայուն կապի մէջ է` աւելցնելով, որ Հարիրի կը քաջալերէ կառավարութեան կազմութիւնը: