Կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ, նախորդող օրերուն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Պաապտա այցելութիւններ չկատարելը զգալի էր:
Մինչ վարչապետ Միքաթիի գրասենեակը հերքեց անոր վերագրուող շարք մը յայտարարութիւններ եւ լրատուամիջոցներէն կը խնդրէ ստուգել լուրերը եւ ապա հրապարակել զանոնք` առանց հեքիաթներ պատմելու, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հրատարակած այն լուրը, թէ նախագահ Աուն 24 նախարարէ բաղկացած կառավարութեան մէջ պահանջած է 12 նախարար ունենալ, անճիշդ է եւ կը միտի նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի խորհրդակցութիւնները խանգարել:
Բայց եւ այնպէս երէկ երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու առումով խորհրդակցութիւնները:
Նիստէն ետք Միքաթի մերժեց երկար խօսիլ եւ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը ճիշդ հունի մէջ կը գտնուի` յոյս յայտնելով, որ այսօր յետմիջօրէին դարձեալ կ՛այցելէ հանրապետութեան նախագահին:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, որ արդեօք կառավարութեան նոր կազմի նախագիծ մը գոյութիւն ունի՞, Միքաթի ըսաւ. «Ճի՛շդ է, նախագիծի մը հասած ենք»: