Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Պաապտա այցելած է` նախքան Հռոմ կատարելիք իր այցելութիւնը:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք Հռոմ կ՛երթայ` ընդառաջելու համար Լիբանանի համար խոկալու եւ Լիբանանի փրկութեան համար աղօթելու Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրին: «Պապը յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան տէր կանգնի իր գոյացութեան եւ ինքնուրոյն ինքնութեան», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բարդ է, իսկ տագնապը` ծանր` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատան համաձայն, Լիբանան 6-րդ ամէնէն դժբախտ երկիրն է:
«Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ, որ կառավարութիւն ունենանք: Կառավարութիւն չկազմելու եւ նախագահ Աունի ու նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ համաձայնութիւն չգոյացնելու արդարացում չկայ: Կառավարութիւնը ամէն բանէ վեր է, իսկ Լիբանան երկխօսութեան երկիր է, հետեւաբար պէտք է երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ վարկաբեկումը մերժելի է. անիկա լիբանանեան մշակոյթին մաս չի կազմեր: Ես վիրաւորուած կը զգամ եւ կը դատապարտեմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Ան նշեց, որ եթէ 1958-ի յեղափոխութեան յաջորդող ժամանակաշրջանը նկատի ունենանք, ապա հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապ 4 նախարարով պետութիւն եւ պետական հաստատութիւններ կերտեց: «Կարելի չէ նախարարներու թիւին շուրջ անհամաձայն գտնուիլ, եւ ինչո՞ւ բեւեռներու կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել», հարց տուաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիները փրկէ:
«Պետութիւնը անհատներով չի ներկայացուիր», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ քաղաքական գործիչներուն անոնց դերակատարութեան ու հասարակութեան շահերուն ի խնդիր անոնց կատարած քաղաքական աշխատանքին մասին:
«Երկիրը փրկութեան կարիք ունի եւ ոչ թէ «կրակոց»-ի, իսկ տեղեկատուական մարզը պէտք է օժանդակէ այս իմաստով եւ ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն տարածէ», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Ան նշեց, որ ինք կը մերժէ քրիստոնեայ երկու նախարարները անուանել` նշելով, որ իր կեցուածքը այն է, որ պէտք է կազմուի անկուսակցական նախարարներէ բաղկացած փրկութեան կառավարութիւն մը:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ նախարարներու անուանումն ու անոնց պաշտօններուն ճշդումը իր իրաւասութիւնը չէ, սակայն ինք ճիգ չի խնայեր նախագահ Աունի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու իմաստով:
Ան ընդգծեց, որ հակառակ ամէն ինչի, նախագահ Աուն կը փափաքի անմիջապէս կառավարութիւն կազմել, եւ կոչ ուղղեց մթնոլորտը չլարելու եւ զայն յարգալիր պահելու` հեռու վարկաբեկումներէն եւ արժանապատուութիւնները խոցող յերիւրանքներէն:
«Ես նախագահ Աունի հետ բեւեռներու կառավարութիւն կազմելու հաւանականութիւնը չքննարկեցի: Երեւակայեցէ՛ք, որ երկիրը կը փլուզուի եւ ժողովուրդը իր վերջին շունչը կը փչէ, իսկ մենք կը խօսինք երկու քրիստոնեայ նախարարներու մասին: Բեւեռներու կառավարութիւնը միտք մըն էր, որ նախապէս արծարծած եմ եւ կը փափաքիմ, որ նման կառավարութիւն մը կազմուի, որպէսզի երկիրը իր ներկայ իրավիճակէն դուրս բերենք: Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք շիկացած մթնոլորտը հանդարտեցնելու, պատասխանատուները իրարու հետ համախմբելու: Մենք այս բոլորը կը կատարենք, եւ պէտք է անոնք մեզի օժանդակեն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած մթնոլորտը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը: