Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւնը
Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը
Կառավարութեան պաշտօնական լուսանկարը առնուեցաւ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նախքան լուսանկարուիլը, Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կայացաւ կարճ հանդիպում մը:
Կառավարութեան լուսանկարուելու արարողութենէն ետք, Պըրրի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն, իսկ կառավարութիւնը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Տիապի, գումարեց իր անդրանիկ նիստը:
Մեկնումի պահուն Պըրրի բաւարարուեցաւ ըսելով, որ «տեղեկատուութեան մարզը կառավարութեան կազմութեամբ լաւատես չէ, սակայն ես` այո՛»:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն կացութիւնը կը պահանջէ բազմապատկել ջանքերն ու աշխատանքը, յատկապէս նկատի ունենալով տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային այն ծանր ու դժուար պայմանները, որոնց ընթացքին կազմուեցաւ կառավարութիւնը:
«Անհրաժեշտ է աշխատիլ` լուծելու համար տնտեսական կացութիւնն ու վերահաստատելու համար լիբանանեան հաստատութիւններուն նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը: Պէտք է աշխատիլ նաեւ փարատելու համար իրենց ապագային նկատմամբ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնը», ընդգծեց նախագահ Աուն` աւելցնելով կառավարութեան կողմէ յաճախական նիստեր գումարելու կարեւորութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ նախապէս մշակուած է տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներու ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կամ բարեփոխումի ենթարկելէ ետք գործադրութիւնը պիտի ըլլայ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ մաղթեց, որ կառավարութեան անդրանիկ նիստը ըլլայ այշխատանքներու մեկնարկին ազդանշանը, «որովհետեւ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն դժուար եւ վտանգաւոր փուլը կը դիմագրաւէ», ըսաւ ան` մաղթելով, որ իւրաքանչիւր նախարար սկսի ճշդելու այն օրակարգերը, որոնց հիման վրայ պիտի մշակուին նախարարութիւններուն ծրագիրները:
Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի աղէտի մը դիմաց եւ կառավարութիւնը պատասխանատու է լիբանանցիներուն վրայ այդ աղէտին ունենալիք հետեւանքները մեղմացնելու:
Ան հաստատեց, որ այս կառավարութիւնը ազգային փրկութեան կառավարութիւն է եւ ոչ թէ կողմի մը կամ որոշ ուժերու կառավարութիւն, այլ` ամբողջ Լիբանանի կառավարութիւն:
«Անհրաժեշտ է երկրին կայունութիւնը երաշխաւորել` պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերականգնելով», ըսաւ ան:
Տիապ ընդգծեց նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք են երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանողները` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել նաեւ ժողովրդավարութիւնը: «Ժողովրդավարական կարգը կ՛ենթադրէ լսել ժողովուրդը եւ անոր ցաւերն ու պահանջները, որովհետեւ ժողովուրդն է իշխանութեան առաջին աղբիւրը», յայտնեց ան:
Կառավարութեան նիստէն ետք նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ կարդաց կառավարութեան նիստին ատենագրութիւնն ու անկէ բխած որոշումները:
Մաքքիէի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորած է նախարարները եւ անոնց յաջողութիւն մաղթած իրենց ստանձնած նոր պաշտօններուն առիթով եւ նկատել տուած, որ անոնք պատասխանատու են պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերականգնելու:
Ան աւելցուց նաեւ, որ նիստին ընթացքին Տիապ շեշտած է, թէ կառավարութիւնը սերտելու եւ ուսումնասիրելու շատ ժամանակ չունի` ընդգծելով, որ կան պատրաստ ծրագիրներ, որոնք անմիջապէս պէտք է գործադրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ նպատակները իրականացնել:
Մաքքիէ ըսաւ, որ վարչապետ Տիապ մաղթած է շատ աշխատիլ եւ քիչ խօսիլ, ինչպէս նաեւ հաստատած է, որ իր կազմած կառավարութիւնը քաղաքական կառավարութիւն մը չէ եւ պէտք է իւրայատուկ ըլլայ իր նախարարներով տանելիք աշխատանքով:
Ան նշեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին աշխատանքային ծրագիրի մշակումին նպատակով կազմուած է նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմած են ելեւմուտքի, արտաքին գործոց, արդարութեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի, տեղեկատուութեան, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու, հաղորդակցութեան միջոցներու, ճարտարարուեստի եւ ընկերային հարցերու նախարարները:
«Նախարարական յանձնախումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ վաղը` ուրբաթ, 24 յունուար 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ», ըսաւ Մաքքիէ:
Վարչապետարանին Մէջ
Նախագահական պալատէն մեկնելէ ետք, վարչապետ Հասսան Տիապ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ:
Վարչապետարանին մուտքին ան ողջունուեցաւ վարչապետարանի անձնակազմին կողմէ եւ ձեռնուեցաւ վարչապետարանի պաշտօնեաներուն ու խորհրդականներուն հետ:
Վարչապետարանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը պաշտօնազրկելը ներկայիս անհաւանական է` շեշտելով, որ իրենք կը փափաքին դրական եւ լաւատեսական կէտերուն վրայ կեդրոնանալ:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան մէջ կան 4-6 նախարարներ, որոնք ժողովրդային շարժումը կը ներկայացնեն եւ, «սակայն կառավարութիւնը իր ամբողջ գործունէութեամբ եւ գործելաոճով ժողովրդային շարժումը կը ներկայացնէ», յայտնեց ան:
Տիապ պահանջեց, որ ժողովրդային շարժումի ցոյցերը մնան խաղաղ` վերջ տալով անկարգութիւններուն, որոնք կը վնասեն շարժումին: «Կը փափաքիմ, որ այս անկարգութիւնը եւ ապահովութեան ուժերուն հետ բախումները վերջ գտնեն», հաստատեց ան:
Ան նշեց նաեւ, որ ինք լուսարձակներէ հեռու հանդիպումներ ունեցած է նաեւ օտար դեսպաններու հետ, որոնք կառավարութեան կազմութեան ընթացքին խնդրած են իրեն հետ հանդիպիլ` աւելցնելով, որ անոնք բոլորը գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած են:
Հասսան Տիապ յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա իր կատարելիք այցելութիւնը մօտալուտ է:
Նշենք, որ յետմիջօրէին Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմին, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր-Ատրան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որոնց հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Կեցուածքներ` Կառավարութեան Կազմութեան Մասին
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մասին հնչեցին զանազան կեցուածքներ` լիբանանցի եւ օտար պատասխանատուներու կողմէ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն առիթ տալու կառավարութեան, որպէսզի կարենայ մշակել երկրին փրկութեան աշխատանքային ծրագիրը:
Ան գնահատեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ երկրին դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն` քաղաքական, տնտեսական թէ կենցաղային տագնապներուն լուծման ելքը:
«Պէտք է սպասել կառավարութեան աշխատանքին եւ պետութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերահաստատելու անոր կարողութիւններուն դրսեւորման, ապա վճիռներ արձակել: Մենք տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ ենք, եւ կառավարութիւնը պէտք է պետական աշխատանքը հունաւորէ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` կառավարութեան կազմութեան առիթով, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր, իր ստանձնած նոր աշխատանքին մէջ` մաղթելով, որ ան արժանանայ տնտեսական ահաւոր պայմաններ ապրող ժողովուրդին վստահութեան:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան մաղթեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը իր կրած անուան տէրը կանգնի` իր գործերը համապատասխանեցնելով իր գործերուն:
«Այս ձեւով ան կրնայ Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած տագնապներէն եւ բարելաւել անոր տնտեսութիւնը, ամրապնդել քաղաքական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծել ընկերային եւ կենցաղային քաոսը` վերադարձնելով պետութենէն իւրացուած գումարները եւ պայքարելով փտածութեան դէմ:
Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց կառավարութեան որդեգրելու քաղաքական նոր գործելաոճ մը, որուն անունն է թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ որեւէ կառավարութիւն անիշխանութենէն եւ կառավարութեան չգոյութենէն աւելի լաւ է, որովհետեւ յառաջիկայ փուլը շատ աւելի դժուար է, եւ կարեւոր է յաղթահարել բոլոր արգելքները, որպէսզի ազգերու խաղին մէջ չկորսուինք:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ըսաւ. «Երանի կու տանք նախորդ կառավարութիւններուն: Չեմ խօսիր անձերուն մասին, այլ այն իրականութեան, որ նախարարներուն մեծամասնութիւնը ուղղակիօրէն կապուած են քաղաքական այն ուժերուն, որոնք երկիրը իր ներկայ խոցելի իրավիճակին հասցուցած են: Հաւանաբար տակաւին կանուխ է չգործած կառավարութեան մասին վճիռ արձակել, սակայն ասիկա առաջին տպաւորութիւնս է»:
Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ իրենք պատրաստակամ են երկրին դիմագրաւած տագնապները թօթափելու:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց Լիբանանի մէջ կազմուած նոր կառավարութիւնը` շեշտելով, որ ինք նոր վարչապետ Տիապի հետ պիտի գործակցի` զօրակցելու համար նիւթական պարտաւորութիւններու տակ կքած եւ տնտեսական լուրջ տագնապ դիմագրաւող երկրին մէջ գործադրուելիք բարեկարգումներուն:
Կութիերես հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, կայունութիւնն ու քաղաքական անկախութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին զօրակցութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շեշտեց, որ Լիբանան տնտեսական լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է անոր օժանդակելու եւ ամէն տեսակի զօրակցութիւն տրամադրելու, պայմանով որ նորակազմ կառավարութիւնը փտած չըլլայ եւ նախանձախնդրութեամբ գործադրէ բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ ընդառաջէ ժողովուրդին պահանջներուն: «Եթէ կառավարութիւնը նոր ղեկավարներու հետ գործակցի, ապա պիտի օժանդակենք եւ զօրակցինք այդ կառավարութեան», ըսաւ ան:
Փոմփէօ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցերը կը մերժեն Հըզպալլան եւ անոր կ՛ըսեն. «Բա՛ւ է»:
«Պէյրութի, Պաղտատի եւ այլ երկիրներու մէջ կատարուած ցոյցերը Ուաշինկթընի դէմ չեն, այլ` ազատութիւն եւ գերիշխանութիւն կը պահանջեն», հաստատեց ան:
Եւրոպական Միութիւնը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛երաշխաւորէ երկրին տարբեր տեսակի տագնապները լուծելու Լիբանանի կարողութիւնները:
Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ իմաստուն իշխանութիւնը ամրապնդելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու:
Ժողովրդային Շարժումը Կը Շարունակէ Մերժել Նորակազմ Կառավարութիւնը` Աւելի Եւս Սաստկացնելով Ապահովութեան Ուժերուն Հետ Իր Բախումները
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ վերսկսան իրենց բողոքի ցոյցին, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին վարչապետ Տիապի կազմած կառավարութիւնը` զայն նկատելով քաղաքական կառավարութիւն եւ ոչ մասնագէտներու կառավարական կազմ:
Կեդրոնական Պէյրութի Օմարի մզկիթին կից մուտքը, որ դէպի խորհրդարան կ՛առաջնորդէր, դարձեալ վերածուեցաւ բախումի վայրի մը` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Իրենց դէմ անկարգութիւններ եւ պայթուցիկներով յարձակումներ գործող եւ զիրենք քարկոծող ցուցարարները ցրուելու համար, ապահովութեան ուժերը նախ օգտագործեցին ջրցան մեքենաները:
Ցուցարարները հրկիզեցին վարչապետ Տիապի լուսանկարները, շարունակեցին ապահովութեան ուժերուն հետ իրենց բախումները, ինչպէս նաեւ յարձակումներ գործեցին շրջանին մէջ գտնուող վաճառատուներուն դէմ` փշրելով անոնց ցուցափեղկերը, ինչպէս նաեւ պոկելով ճամբուն ազդալոյսերը:
Այնուհետեւ ապահովութեան ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակեցին` ցուցարարները ցրուելու նպատակով:
Սակայն աւելի ուշ այդ բախումները ստացան բուռն բնոյթ, որուն իբրեւ հետեւանք շրջան հասաւ լիբանանեան բանակը` կացութիւնը հակակշռելու:
Ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին յառաջացան դէպի ցուցարարները, որոնք ետ գացին` դէպի «Նահար» օրաթերթի շէնք եւ «Լը կրէյ» պանդոկ:
Մինչեւ Սայֆի հասած բախումներուն ընթացքին ցուցարարները բանակայիններն ու ապահովութեան ուժերը քարկոծեցին եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին, այդ պատճառով ալ վիրաւորուեցան 8 բանակայիններ:
Բանակը իր կարգին ցուցարարներուն վրայ արձակեց արցունքաբեր կազեր` փորձելով ցրուել զանոնք:
Ցուցարարները մնացին անդրդուելի եւ հսկայ աղբամաններուն մէջ կրակ վառեցին` փակ պահելով ճամբաները եւ մերժելով Հասսան Տիապը` իբրեւ վարչապետ:
Սայֆիի բախումներէն ետք` ժամը շուրջ 9:30-ին, ցուցարարները հասան «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւն եւ յարձակեցան շէնքին վրայ` քանդելով գրասենեակները եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառով ընկերութեան:
Երեկոյեան ժամը 10:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուեցաւ:
Նշենք, որ բախումներուն ընթացքին այլ շրջաններու մէջ ցուցարարներ փակեցին ճամբաները:
Այդ շրջաններն են` Քորնիշ Մազրաան, Մեթնի մայրուղին եւ Նահր Մոթը, Այն Մրեյսէի եւ Ժըմմէյզէի ճամբաները, նաւահանգիստի ճամբան, ինչպէս նաեւ Ժիէի, Նաամէի եւ Փալմայի մայրուղիները, Պեքաայի փողոցները` Թաալպայա, Զահլէ, Սաատնայէլ, Պար Էլիաս, Մասնաա եւ այլ շրջաններ:
Նշենք, որ բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան մեծ թիւով քաղաքացիներ եւ ապահովութեան ուժեր: