Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախագահ Աունին ըսած է, թէ օրինականութեան շրջափակման հարցով ինք նկատի ունի բոլորը, որոնց մէջ նաեւ անոնք, որոնք հանրապետութեան նախագահութեան հետ յարաբերութիւնը պոյքոթի ենթարկած են:
Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ռայի ըսաւ, որ նախագահ Աուն առաջարկած է Լիբանանը երկխօսութեան եւ մերձեցման մարդու ակադեմիայի կեդրոնի վերածէ, եւ այդ առաջարկը ընդունուած է ՄԱԿ-ի մէջ գրեթէ բոլոր երկիրներուն քուէարկութեամբ: «Այս ծրագիրին յաջողութեան խարիսխը այն է, որ Լիբանան ըլլայ չէզոք, որպէսզի վերածուի երկխօսութեան կեդրոնի մը: Շատեր յայտարարեցին, թէ նախագահ Աունի հետ տարակարծիք են` չէզոքութեան հարցով, սակայն նախագահ Աուն ռահվիրան է այն չէզոքութեան, որուն յղացքին անդրադարձայ այսօր», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ չէզոքութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու մնայ արաբական միացեալ դատերուն` առանց քաղաքական ու զինուորական տագնապներուն միջամուխ դառնալու եւ առանց դաշինքներու մաս կազմելու: «Մենք պէտք է արաբական եւ միջազգային հարցերուն մէջ` բացի Իսրայէլէն, արդարութեան, խաղաղութեան եւ փոխըմբռնումի առաջնակարգ պաշտպանները ըլլանք: Չէզոքութիւն կը նշանակէ հզօր պետութիւն եւ հզօր բանակ. այս գծով նախագահ Աունի հետ ոչ մէկ տարակարծութիւն կայ, ընդհառակը ան այդ կոչը հնչեցնելու առումով առաջիններէն էր», հաստատեց Ռայի պատրիարք:
Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը շատ են` ցաւ յայտնելով, որ արտաքին միջամտութիւններն ու ֆինանսաւորումները եւս շատ են:
«Պքերքէ ո՛չ ընդդիմութեան եւ ո՛չ ալ իշխանամէտներուն կողքին է: Պքերքէն Պքերքէ է, իսկ եթէ այս կամ այն կողմին կողքին գտնուինք, մեր խօսքի ազատութիւնը կը կորսնցնենք», եզրափակեց Ռայի պատրիարք: