Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Ռիչըրտ Փոլ Կալակերը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք կը թափէ, որ Լիբանան մնայ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի համար պատգամ երկիրը, այնպէս ինչպէս փափաքած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը:
«Իբրեւ լիբանանցիներ, մենք կը հաւատանք, որ Լիբանան պատգամի երկիր է, եւ կը ջանանք զայն պահել այդ երեւոյթով` հակառակ անոր դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն», հաստատեց ան:
Իր կարգին, գերապայծառ Կալակեր յայտնեց, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ Ֆրանչիսկոս պապին խնդրանքով եւ կը հաստատէ, որ լիբանանցիները` իրենց բոլոր համայնքներով, պապին սրտին մէջ կը գտնուին, յատկապէս նկատի ունենալով իրենց դժուար պայմանները:
Գերապայծառ Կալակեր շեշտեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի զարգացումներուն եւ համոզուած է, որ ան արտակարգ հոգատարութեան կարիք ունի, որովհետեւ ամբողջ Միջին Արեւելքը Լիբանանը կը նկատէ իր ապագայի պատգամը: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` պէտք է պահպանել երկրին լիբանանեան ինքնութիւնը, որովհետեւ եթէ Լիբանանի մէջ սկսին դրական նշոյլներ արձանագրուիլ, ապա անոնք ամբողջ շրջանին մէջ պիտի տարածուին», ըսաւ ան:
Կալակեր հաստատեց, որ հզօր եւ միասնական Լիբանանը` իր քրիստոնեաներով եւ իսլամներով, ամբողջ Միջին Արեւելքին համար կը ծառայէ իբրեւ օրինակելի տիպար մը, ինչ որ Լիբանանի իսկական կոչումն է: «Կը մաղթենք, որ ապագային Լիբանան դարձեալ նոյն դերակատարութիւնը ունենայ: Դիւրին է ըսել, որ Լիբանան պատգամի երկիր է, սակայն պէտք է միասնաբար աշխատիլ, որպէսզի ան իսկական եւ շօշափելի պատգամի վերածուի», ընդգծեց ան` դիտել տալով, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութեան տկարացումը կը նշանակէ Լիբանանի ներքին հաւասարակշռութիւնը եւ Լիբանանի ինքնութիւնը քանդել:
Գերապայծառ Կալակեր շեշտեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը կը փափաքի մօտիկ ապագային այցելել Լիբանան` աւելցնելով, որ պէտք է սահմանել, թէ մօտիկ ապագայ ի՛նչ կը նշանակէ:
Ան յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին այցելէ Վատիկան:
Գերապայծառ Կալակեր նշեց նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս պապը կը հաւատայ, որ բարեկարգումները, որոնց կողքին նաեւ միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնները պիտի կարենան աջակցիլ Լիբանանին:
Պըրրիի Մօտ
Գերապայծառ Կալակեր այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Կալակեր յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական եւ անկեղծ:
Այն Թինէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Կալակեր յայտնեց, որ Պըրրիին յայտնած է պապին մտահոգութիւնը` Լիբանանով եւ լիբանանցիներով:
«Պըրրիի հետ ունեցած խորհրդակցութիւններուս եւ անոր միտք պայծառացնող մօտեցումներուն լոյսին տակ կրնամ ըսել, թէ կարելի է զարգացումներ արձանագրել եւ հարցեր լուծել քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ երկխօսութեան ընդմէջէն: Այդ խորհրդակցութիւնները օգտակար էին նաեւ հասկնալու Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն բնոյթը», շեշտեց գերապայծառ Կալակեր:
Ան նշեց, որ Վատիկան խորհրդանշական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնց զօրակցի` իրենց յոյսը չկտրելու, յատկապէս բոլորին համար դժուար նկատուող այս ժամանակաշրջանը դիմագրաւելու:
«Կը մաղթենք, որ ապագան աւելի լաւ օրեր պարգեւէ Լիբանանին», եզրափակեց գերապայծառ Կալակեր:
Եարզէի Մէջ
Գերապայծառ Կալակեր այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որ ներկայացուց լիբանեանեան բանակին պարզած ներկայ իրավիճակը` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ:
Եարզէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Կալակեր բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ հակառակ անոր դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, բանակը լիովին կը կատարէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իր պարտականութիւնը:
Կալակեր դրուատեց նաեւ բանակի հրամանատարութեան ջանքերը` բանակայիններուն կորովը պահելու եւ անոնց գոյատեւման նեցուկ կանգնելուն համար:
Գերապայծառ Կալակեր այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Մար Մըխայէլ- Նահրի ժողովրդապետութիւնը, ուր ան աղօթք մատուցեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակուած զոհերուն յիշատակին եւ վիրաւորներուն ապաքինումին համար:
Ան յոյս յայտնեց, որ Աստուած լիբանանցի պատասխանատուներուն յաւելեալ ուժ կը պարգեւէ` պայթումին ճշմարտութիւնը քողազերծելու եւ արդարութիւնը հաստատելու ուղղութեամբ:
Այս առումով մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս գերապայծառ Կալակերէն եւ անոր միջոցով Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրեց ճնշում բանեցնել եւ ճիգ թափել, որպէսզի 4 օգոստոսի պայթումին դրդապատճառները բացայայտուին: