ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ուշ օսմանեան շրջանի ճարտարապետութեան մէջ անուրանալի եւ անհերքելի իրողութիւն է Պալեան Ճարտարապետ ընտանիքին թողած մեծ ժառանգը։ Երեք սերունդով արքունի ճարտարապետ Պալեանները բազմաթիւ կոթողային շինութիւններու կողքին հեղինակած են նոյնքան բազմաթիւ գործարաններ եւ ճարտարագիտական զանազան բնոյթի կառոյցներ։
Երկրին մէջ տիրող հայատեացութիւնը դիտումնաւոր կերպով փորձած է անտեսել այս կարեւոր աւանդը։
Այդ տեսակներուն արժանի պատասխան տուող առաջին անունը եղաւ հայազգի պատմաբան ու լեզուագէտ Փարս Թողլաճը իր հեղինակած «Պալեան Ընտանիքը» խորագրեալ հատորով։ 25 Մարտին լոյս տեսաւ Պիւքէ Ուրասի ուսումնասիրութիւնը՝ «Պալեաններ» հատորը, թրքերէն եւ անգլերէն ընթերցողներու համար։
Նշենք, որ այս հատորին հրատարակութեան մէջ կարեւոր արխիւային տուեալ հայթայթած է Հայաստանի Ալեքսանդր Թամանեանի անուան Ճարտարապետներու ազգային թանգարան-հիմնարկը։
352 էջնոց այս նոր հրատարակութեան մէջ կան Պալեան գերդաստանի անդամներու դիմանկարները, համաշխարհային արխիւներէն նիւթեր, կնիքներ, նախագիծեր, շինութիւններու ճակատային տեսարաններ եւ պատմական արժէք ներկայացնող 158 լուսանկարներ։