Պահաէտտին Հարիրի երէկ երեկոյեան լիբանանցիներուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր հօր` նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի ուղին պիտի շարունակէ, ի խնդիր Լիբանանի բարգաւաճման:
Ան ընդգծեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան: «Իբրեւ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակները, մեր կրօնը, բարոյական արժէքներն ու դաստիարակութիւնը չեն արտօներ, որ մեր պատասխանատուութիւններէն հրաժարինք, եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս Լիբանան հայրենիքին զարգացման չտրամադրենք:
«Հօրս ուղին պիտի շարունակեմ` ջրելով Լիբանանի մեծագոյն համայնքին հեղինակութիւնը թափուր թողելու մտավախութիւնները: Մենք կը մնանք չափաւորականութեան, վերաշինութեան, քաղաքացիութեան եւ արաբական խորքի ընտանիքը: Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի որդին չի լքեր Լիբանանը: Ձեզի հետ ենք, եւ մօտիկ ապագային` Լիբանանի մէջ», եզրափակեց ան: