Հաշուած օրեր կը մնան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման 98-րդ տարելիցին: Հայրենիքի ու Սփիւռքի տարբեր ափերու մէջ կը նախապատրաստուին յիշատակի բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ: Աշխատանքին տարողութիւնը կը մտահոգէ Թուրքիան: Անոր ներկայացուցիչները, դիւանագիտական տարբեր մակարդակներու իրենց շփումներուն ընթացքին, խստագոյնս կը զգուշացնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերէն: Բայց մինչեւ եր՞բ ժխտումի եւ կեղծիքի այս քաղաքականութիւնը: Միջազգային հարթակներու վրայ այլեւս անիմաստ դարձած է պատմական ճշմարտութիւնը ժխտելու անոր փորձերը: Թուրք հանրութիւնը նոյնպէս կը պահանջէ գնահատական տալ պատմութեան այս սեւ հանգրուանին: Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ապրիլ քսանչորսեան մեծաշուք հանդիսութիւններ նախատեսուած են յառաջիկայ օրերուն: Խորքային Թուրքիա մինչեւ եր՞բ պիտի ծածկէ իր անցեալը, երբ անոր մտաւորականութեան մօտ օրըստ օրէ կ’աւելնայ պատմական ճշմարտութիւնը ընդունելու պահանջը: Տակաւին անցեալ շաբթուան ընթացքին, Երեւան ժամանած թուրք գործարար կիներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին: Այս կը նշանակէ, տարիներու վրայ երկարող Սփիւռքի եւ Հայաստանի հետեւողական աշխատանքը յաջողած է իր պատգամը փոխանցելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն: ԲԱյց միւս կողմէ, այնքան մը միամիտ չենք հաւատալու, թէ Թուրքիա միանգամայն պիտի խոստովանի իր ոճիրը: Ընդհակառակը, թրքական իշխանութիւնները գործի լծած են հակաքարոզչական իրենց բոլոր կարելիութիւնները, համայն աշխարհին ցոյց տալու, թէ թրքական թերակղզին դարձած է արեւմտեան եւ արեւելեան մշակոյթներու խորհրդանիշ: Փոքրամասնութիւններուն շնորհուած փշրանքները հանրային կարծիքին առջեւ անմեղ պետութեան մը տպաւորութիւն ստեղծելու սին փորձեր են պարզապէս, իսկ հեռատեսիլային վխտացող հաղորդաշարները՝ մարդկութեան առջեւ Թուրքիոյ աղաւաղուած «դիմագիծ»ը սրբագրելու փորձ: Վերջին շրջանին նկատելի է եօթներորդ արուեստի աշխարհէն ներս քարոզչական բնոյթ կրող թրքական բազմասերիանոց հաղորդաշարներու լայն հոսք մը: Մեր դէմ կը գտնուի անկանխատեսելի եւ խորհրդաւոր հնարամտութիւններով օժտուած պետականութիւն: Այս բոլորէն քաջատեղեակ մնալով, մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ աւելի համադրուած եւ նպատակասլաց: Պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ առաջնայնութիւնները կը մոռնանք շատ յաճախ եւ կը զբաղինք համեմատաբար աւելի զգացական կամ երկրորդական հարցերով: Մեզի համար այսօր այնքան ալ մեծ նշանակութիւն պիտի չունենայ Ապրիլ 24-ի առիթով իր արտասանելիք խօսքին մէջ, նախագահ Պարաք Օպամայի օգտագործած բառապաշարը: Օպամային արտայայտութիւնները կրնան գինովցնել կամ յուսախաբութեան մատնել մեզ, բայց երկուստէք՝ արդար գնահատական տանք անոր: Նախագահին խօսքը վստահաբար պիտի ունենայ իր կշիռը, սակայն անոր տարողութիւնը դուրս պիտի չգայ բարոյական ազդեցութեան սահմաններէն: Մինչդեռ իրաւական գետնի վրայ ամենադոյզն քայլն իսկ՝ ազդու եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ յանցագործը մերկացնելու իմաստով : Այստեղ բազմատեսակ ու բազմածաւալ աշխատանք կը սպասէ բոլորիս: Իրաւական գետնի վրայ մեր աշխատանքին անբաժան մէկ մասը պիտի ըլլայ Միջազգային Քրէական Ատեանին Թուրքիոյ մասնակցութեան հարցը: Թուրքիա առ այսօր կը մերժէ ճանչնալ եւ յանձնառու մնալ միջազգային այս կազմակերպութեան դրոյթներուն: Մեր պահանջատիրական պայքարին կարեւոր յաղթանակներէն մէկը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ Միջազգային Քրէական Ատեանին ճանաչումը: Առանց միջազգային այս կառոյցին հեղինակութիւնը ճանչնալու, Թուրքիա որեւէ մէկ պահու կրնայ կրկնել անցեալի իր յանցագործութիւնները: Վկայ՝ Կիպրոս ներխուժումը եւ յոյն բնակչութեան դէմ քստմնելի ոճիրները, որոնք մինչեւ օրէս կը սպասեն արդարութեան վճիռին: Բոլորին ծանօթ են Միջազգային Քրէական Ատեանին ադամակցութիւնը մերժելու Թուրքիոյ պատճառները: Անոր դէմ վստահաբար պիտի բացուի հաշուետուութեան եւ հատուցումներու հսկայ ցանկ մը:
Պահանջատիրական մեր պայքարին ընթացքին յաճախ կը մոռնանք մարդկային ողբերգութեան անյետաձգելի էջերէն մէկը: Այս օրերուն, երբ Թուրքիա քաղաքակիրթ ժողովուրդի եւ մարդասէրի պատմուճան հագած, փոքրամասնութիւններէն խլուած կալուածները վերադարձնելու մասին խոստումներ կը շռայլէ աջ ու ձախ, մեր արդար իրաւունքն է անոր առջեւ բարձրացնելու իսլամացած հայերու թղթածրարը: Բոլորին ծանօթ է Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու իրականութիւնը: Փոքր թիւ չեն կազմեր անոնք: Եւրոպական Միութեան ամպիոնէն ճնշում անհրաժեշտ է բարձրացնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ապահովութեան երաշխիքներու տակ բացայայտեն իրենց արմատները: Բոլորին ծանօթ է Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի մէջ կրօնափոխ հայերու տխուր իրողութիւնը: Յառաջացած է խաւ մը, որ իսլամի հայեցողութեամբ կը մնայ «կեաւուր» իսկ մեր կողմէ՝ իսլամ: Փաստօրէն ընկերութիւնը կը մերժէ ճանչնալ անոնց գոյութիւնը: Իսլամացած հայերը մեր արիւնակիցներն են : Պայմաններու ստիպողութեան տակ անոնք ընդունած են իսլամը: Հասկնալի պատճառներով գրեթէ անհնար է կրօնափոխ դարձնել զանոնք, սակայն ինքնութեան ճանաչումը կը մնայ իրաւունք: Միւս կողմէ, Թուրքիա կը խօսի կալուածներ եւ եկեղեցիներ սեփականատէրերուն վերադարձնելու մասին: Անհրաժեշտ է լուսաբանել, որ կալուածները չեն վերադարձուիր իրենց սեփականատէրերուն: Թրքական հաւաստիքներու լոյսին տակ, բազմաթիւ ասորիներ սկսան վերադառնալ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ իրենց պատմական շրջանները: Այս միջոցին թրքական ատեանը իր ձեռքը դարաւ աւելի քան 1600 տարուան ասորական պատկանելիութիւն ունեցող Մոր Կապրիէլ եկեղեցւոյ վրայ: Ասորի համայնքը ներկայիս մտադրած է հարցը բարձրացնել Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանին: Էրտողանի կառավարութիւնը վերանորոգեց կարգ մը եկեղեցիներ, սակայն չվերադարձցուց իր տէրերուն, ընդհակառակը զանոնք սկսաւ շահարկել իբրեւ թանգարան:
Քարոզչական մարզը դարձած է թրքական իշխանութիւններու ինքնապաշտպանութեան մեծագոյն լծակներէն մէկը: Մեզի կը մնայ հաւաքական եւ նպատակասլաց աշխատանքով մերկացնել քօղարկուած քարոզչութեան տակ պահուած ճշմարտութիւնը եւ չտարուիլ պղպջակային խոստումներով:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ