Լիբանանի ընտրական մթնոլորտը յարանման է վաղեմի Պէյրութին կեդրոնը, Մաարատի մէջ գտնուող ձուկերու նշանաւոր շուկային: Խանութպաններուն տեսանկիւնէն դիտելով, անոնք օրուան բոլոր ժամերուն, միշտ «ծովէն ելած» թարմ ձուկ կը սպասարկէին իրենց յաճախորդներուն, մինչդեռ մայրաքաղաքի տուեալ հատուածին գարշանքը, սպառիչ ապացոյց մըն էր իրատեսներուն համար, որ վաճառուող ձուկերուն մեծամասնութիւնը « իրենց գլուխէն հոտած» արարածներ էին պարզապէս…: Այսուհանդերձ, ձուկերու շուկան լիբանանցիներու ամենափնտռած վայրերէն մէկը կը մնայ, անոնց յիշողութեան դարանին մէջ:
Խորհրդարանական իւրաքանչիւր ընտրութեան նախօրէին, հատուածներ կը դրսեւորեն անընդունելի եւ իրերամերժ կեցուածքներ: Անելային այս կացութիւններուն առջեւ, վերջին պահուն յանկարծ, շրջանային եւ միջազգային «հրեշտակներ» իրենց բարեջան միջամտութիւններով կիրքերը կը հանդարտեցնեն եւ կը փրկեն ընտրական գործընթաց: Տարիները կը սահին, այս եղանակով կ’իրագործուին ընտրութիւնները, սակայն գործնապէս ոչինչ կը փոխուի գետնի վրայ, որովհետեւ ձուկը հոտած է գլուխէն…: Երբ լիբանանցիները իբրեւ հայրենիք չեն ճանչնար իրենց պետութիւնը, այլ՝ համայնքային համախմբումներու հաւաքատեղի կ’ընդունին զայն, երբ իւրաքանչիւր համայնք, շրջանային ուժերու ապաւինելով, իր գերակայութիւնը կը փորձէ պարտադրել մնացեալներուն վրայ, բաւական միամիտ ըլլալու ենք, անտեսելու այս իրողութիւնները: Այ’ո ձուկը իսկապէս հոտած է գլուխէն, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր հայեցողութեամբ, իր քաղաքական ու համայնքային շահերէն բխած օրինագիծ կը փորձէ պարտադրել մնացեալներուն: Այս է պետութեան եւ պետականութեան նկատմամբ լիբանանցիին հայեցակարգը :
Չորս տարի շարունակ ընտրական «նոր, «համախոհական» եւ տակաւին այլ բարեմասնութիւններով օժտուած օրինագիծեր փնտռելէ, ենթայանձնախումբեր կազմելէ եւ նիստեր գոմարելէ ետք, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի չկայանան Յունիսին, ոչ իսկ՝ Սեպտեմբերին, ինչպէս նշուած է սահմանադրութեան մէջ:
Ժամանակի սղութեան պատճառով, երկու լուրջ ընտրանքներու առջեւ կը գտնուին լիբանանցիները: Վերադառնալ նախկին՝ 1960-ի օրինագիծին եւ կամ՝ երկարաձգել գործող խորհրդարանին ժամկէտը: Ոմանց կարծիքով, երկարաձգումը դարձած է անխուսափելի ընտրանք: Ուրիշներ, որոնք սկզբունքով կը մերժեն 1960-ի օրինագիծը, դէմ կ’արտայայտուին երկարաձգելու առաջարկին եւ ամէն գնով կը նախընտրեն կայացնել ընտրութիւնները, նոյնիսկ՝ 1960- ի օրինագիծին հիման վրայ:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու ձախողութիւնը լուրջ ամօթանք մըն է քաղաքական բոլոր հոսանքներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն համար,անխտիր: Հաւաքական, պետական մտածողութեան, ազգային շահերու գաղափարը խորթ է լիբանանցիին: Իւրաքանչիւրը կը գործէ համայնքային շահերու բնազդով: Սակայն ո՞ր հայրենիքին մասին է խօսքը, երբ համայնքներու մեծամասնութիւնը բացայայտօրէն կամ՝ ծածուկ օտար պետութիւններու ռազմավարական շահերու գործակատարը դարձած է բուռ մը հայրենիքին մէջ: Երբ իւրաքանչիւր «զայիմ, , «պէկ», «սէյիտ», «ըսթէզ», ճորտատէր կամ աւատատէր իր սեփական չափանիշերով կ’ընկալէ եւ կը մեկնաբանէ համախոհութիւնը, ժողովրդավարութեան չափանիշները: Ընտրութիւնները ժամկէտին չկատարելու փաստը միաժամանակ հարցականի տակ կ’առնէ իբրեւ դեմոկրատական պետութիւն Լիբանանի վարկն ու հեղինակութիւնը: Այս բոլորին մէջ ո՞վ է մտածողը ժողովուրդին բարեկեցութեամբ, անոր ընկերային եւ տնտեսական տուայտանքներով, ո՞վ վայրկեանի մը համար հաշուետուութիւն կը կատարէ ինք իր անձին հետ՝ թէ ու՞ր մնացին տուած նախընտրական խոստումները: Օդային խոստումներ պարզապէս…: Ո՞վ իր անձը հաշուետուութեան կ’ենթարկէ, թէ անցնող չորս տարիներուն ընթացքին ին՞չ կատարեց իր հայրենիքին, շրջապատին, իր խոստումներուն հաւատացող քուէարկողներուն:
Վարագոյրի ետին բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան խորհրդարանին ժամկէտը երկարաձգելու ուղղութեամբ: Նոյնիսկ այս օրակարգին շուրջ կը տիրէ տարակարծութիւն: Ոմանք կ’առաջադրեն առաւելագոյնը վեց ամսուան երկարաձգում մը: Սոյն տեսակէտին կողմնակիցները կ’առարկեն, թէ ընտրութիւնները չկայանալու ձախողութիւնը կրնայ վնասել Լիբանանի վարկին, մանաւանդ երբ, արաբական շարք մը պետութիւններ, աւելի ծանր պայմաններու տակ գտնուելով հանդերձ, կ’իրագործեն այս գործընթացը:
Երկրորդ տեսակէտին կողմնակիցները կը պահանջեն երկու տարիով երկարաձգում մը , որովհետեւ քաղաքական ներկայ պայմաններուն տակ եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ անհնար կը տեսնեն նոր օրինագիծի մը ծնունդը:
Քայլ մըն ալ առջեւ երթալով յայտնենք, թէ ընտրութիւններէն խուսափելու լռելեայն միտում մը նշմարելի է քաղաքական երկու գլխաւոր զօրանոցներուն մէջ: Մարտ 8-ի առանցքային շարժիչը՝ Հըզպալլա մխրճուած է Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ: Անոր փոխարէն Նեպիհ Պըրրին կը ստանձնէ Մարտ 8-ի հասցէին յղուող քննադատութիւններուն առիւծի բաժինը: Առ այսօր, Հըզպալլա յստակ տեսակէտ մը չէ արտայայտած ընտրական օրինագիծներու վերաբերեալ:
Մարտ 14-ի ուժերուն մօտ նոյնպէս նկատելի է քուէատուփեր չխուժելու տրամադրութիւն : Առաջին եւ ամենակարեւոր գործօնը, Սաատ Հարիրիի բացակայութիւնն է Լիբանանէն: Աւելի քան երկու տարիէ երկրէն հեռացած Սաատ Հարիրի յառաջիկայ ամիսներուն պիտի չվերադառնայ Լիբանան: Մուսթաքպալ Հոսանքին համար բաւական դժուար պիտի ըլլայ սիւննի համայնքին քուէները կեդրոնացնել , անոր բացակայութեան: Երկրորդ պատճառը, տնտեսական գործօնն է: Մուսթաքպալ Հոսանքը այսօրուան դրութեամբ, չի վայելեր երէկի տնտեսական լայն կարելիութիւնները: Վերոյիշեալներուն զուգահեռ, իր բոլոր խաղաքարտերը Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ շահարկող Սաատ Հարիրի, քաղաքական ու քարոզչական միջոցները Սուրիոյ ընդդիմութեան առջեւ լայնօրէն բացած Սաատ Հարիրին, պահ մըն ալ հաւանաբար պիտի նախընտրէր սպասել Սուրիոյ հակամարտութեան աւարտին:
Դժբախտաբար, քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը, Սուրիոյ զարգացումներուն ընթացքին հետ պայմանաւորած է ընտրական օրինագիծ մշակելու եւ կառավարութիւն կազմելու գործընթացները: Հրաշք մը միայն կրնայ զգաստացնել լիբանանցիները, հրաժարելու դրացի պետութեան հակամարտութեան վրայ դրուած գրաւէն, որպէսզի լծուին հայրենիքի փրկութեան գրաւին:
Երէկի «հրեշտակներ»ը չկան այսօրուան Լիբանանին երկնակամարին վրայ: Պահը եկած է ապացուցելու, թէ լիբանանցիները առանց արտաքին միջամտութեանց, ի վիճակի են համաձայնութիւն գոյացնելու իրարու միջեւ: Բայց լիբանանցիները հասունցած են արդեօ՞ք այնքան մը, որ իրենց սեփական ուժերով յաղթահարեն այս ճակատագրական հանգրուանը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ