Պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան միջազգային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նամակ մը յղեց Պաղեստինի ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման ՄԱԿ-ի յանձնաժողովին` կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին աշխատելու` պաղեստինցիներու տառապանքին վերջ տալու ուղղութեամբ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ անհրաժեշտ է իրաւունքը վերադարձնել իրաւատիրոջ, ինչպէս նաեւ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն իրականացնել` հիմնուելով ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ Արաբական նախաձեռնութեան սկզբունքներուն վրայ:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը` 11 դեկտեմբեր 1948-ի որդեգրուած ՄԱԿ-ի թիւ 194 յօդուածին հիման վրայ:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ պաղեստինցիներուն արդար իրաւունքն է վերադառնալ իրենց հայրենիքը: Ան շեշտեց նաեւ սրբավայրերը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց Երուսաղէմը ՄԱԿ-ի իսկական հսկողութեան տակ զետեղելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց, որ Երուսաղէմ հասնելու բոլորին ազատութիւնը պէտք է երաշխաւորել` տրուած ըլլալով, որ անիկա երեք կրօններուն հետ կապուած է:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ մեծ թիւով երկիրներու մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն կենցաղային պայմանները վատթարացած են եւ դարձած ողբերգական:
«Լիբանանի մէջ եւս պաղեստինցի գաղթականներուն կենցաղային պայմանները դարձած են ողբերգական` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական արտակարգ տագնապը, որ իր հետեւանքները ունեցաւ այդ գաղթականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ նոյնքան վատ ու ժխտական հետեւանքներ ունեցաւ սուրիացի տեղահանուածներուն վրայ», յայտնեց ան:
Նախագահ Աուն նաեւ շեշտեց, որ պաղեստինցիները գոյատեւման ներքին եւ արտաքին պայքար կը մղեն, որովհետեւ անոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կը տառապին նաեւ Կազայի եւ Այսրյորդանանի վրայ պարտադրուած իսրայէլեան բռնագրաւումի իրողութենէն: