ԱՆԳԱՐԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումին ընթացքին կը պատրաստուի քննարկել Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան պատճառները:
«Պիտի հարցնեմ, թէ ինչո՛ւ մեր յարաբերութիւնները այսքան սրած են», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման տարիներուն լարուածութիւնը այդ աստիճանի չէր, ինչպէս նաեւ նման լարուածութիւն չէ եղած նախկին դեմոկրատ նախագահներու օրերուն:
Թուրքիոյ նախագահը Պայտընի վարչակազմը մեղադրեց Անգարայի կողմէ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան աջակցութիւնը շարունակելու յանցանքով:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 Յունիսին՝ ՆԱԹՕի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Էրտողան նաեւ նշեց, որ Թուրքիա «յոգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով կեղծ մեղադրանքներէն»՝ աւելցնելով. ««Ցեղասպանութիւն» եզրը դեմոկրատները չէին արտաբերած մինչեւ Պայտըն: Արդէն կը բաւէ՛: Անոնք, որոնք կը փորձեն Թուրքիան նեղը մատնել, պիտի կորսնցնեն ՆԱԹՕի իրենց ուժեղ դաշնակիցը»: