ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի Հանրապետութեան օրուան առթիւ նախագահ Իլհամ Ալիեւին շնորհաւորական նամակին մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կը գրէ, թէ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնայ Արցախի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններուն օժանդակելուն:
Ան նաեւ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ուժանիւթի ոլորտին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարէն ետք, Ալիեւ բազմաթիւ առիթներով յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապը լուծուած է: