Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու Ճօ Պայտըն զարմանք յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Թրամփի վարչակարգին ցուցաբերած անհասկնալի կրաւորական կեցուածքէն:
Պայտըն խոր մտահոգութիւն յայտնեց 10 հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ուժի մէջ մտնող զինադադարը խախտելու եւ բախումները վերսկսելու, հարիւրաւոր կեանքերու կորուստին:
« 27 սեպտեմբերին ռազմական գործողութիւնները բռնկելէ ի վեր, ո’չ նախագահ Թրամփը, ո’չ ալ պետական քարտուղար Փոմփէուն նոյնիսկ չեն հեռաձայնած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն: Դիւանագիտութիւնը Մոսկուային լիազօրերու փոխարէն ամերիկեան վարչակազմը պէտք է առաւելագոյն ներգրաւուածութիւն ունենայ ամենաբարձր մակարդակներով՝ եւրոպացի գործընկերներու հետ աշխատելով դադրեցնելու բախումները եւ կողմերը վերադարձնելու բանակցութիւններու սեղան».նշեց Պայտըն, աւելցնելով, որ Մ. Նահանգներ պէտք է դադրի փաղաքշել Թուրքիան, նոյնպէս ալ Իրանը, ըսէ՝ հեռու մնալ հակամարտութենէն:
« Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարումը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անպատասխանատու քայլեր են: Դժուար պիտի ըլլայ դիւանագիտական լուծումի հասնիլը, սակայն Թրամփի վարչակազմը պարտաւոր է փորձել: Պէտք է արագ շարժի, նախքան աւելի շատ կեանքեր կորսնցնելը եւ հակամարտութեան ընդլայնումը». դիտել տուաւ Պայտըն: