Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ պիտի հաստատուի Իրանի տարածքով: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի յայտարարութիւնը:
«Ազրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապուելու համար ունի այլընտրանքային ճամբայ Արաքս գետով` շրջանցելով Հայաստանը: Այդ նպատակով, ըստ Իրանի հետ համաձայնութեան, Պաքուն արդէն սկսած է Արաքս գետին վրայ առաջին կամուրջի կառուցումը», նշած է նախարարը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Պայրամով յայտնած է, որ ալճերիացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին առաջարկուած խաղաղութեան օրակարգը, երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման Պաքուի առաջարկները եւ խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին կեցուածքները:
«Ռամթան Ամամրային ըսի նաեւ եռակողմ յայտարարութեան իրականացման առումով Հայաստանի շարք մը կառուցողական մօտեցումներուն մասին: Ազրպէյճանը դրացի երկիրներու հետ բնական յարաբերութիւններու ձեւաւորման կողմնակից է: Մենք կրնանք յառաջ շարժիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով` հիմնուած սահմաններու փոխադարձ անձեռնմխելիութեան սկզբունքին վրայ», ըսած է Պայրամով: