Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Պաքուն Հայաստանէն տակաւին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ պետական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթին սկսելու առաջարկին վերաբերեալ պատասխան չէ ստացած:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Պայրամով այս մասին յայտարարած է Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ազրպէյճան հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով: Ատիկա կ՛առնչուի նաեւ Հայաստանի հետ բաց սահմանի հարցի լուծման` սահմանազատման հարցով քննարկումներ սկսելու միջոցով: Բացի ատկէ, կ՛առնչուի նաեւ այն առաջարկին, որուն մասին բազմիցս խօսած է Ազրպէյճանի նախագահը, այն է` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու Պաքուի պատրաստակամութիւնը: Դժբախտաբար, մենք տակաւին Հայաստանէն այդ առաջարկներուն վերաբերեալ արձագանք չենք ստացած», ըսած է Պայրամով: