Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ ստորագրեց սեփական մարզի պաշտօնէութեան փոխադրածախսը օրական դրութեամբ 65.000-ի վերածելու հրամանագիրի նախագիծը:
Պայրամ ընդունեց Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայսի:
Քննարկուեցան այս մարզին վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Թլայս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ յանգած էին այնպիսի որոշումի մը, որուն համաձայն, կառավարութիւնը նիւթական նպաստ պիտի տրամադրէր ցամաքային փոխադրութեան մարզին, սկսեալ` 1 դեկտեմբեր 2021-էն:
Ան հարց տուաւ պատասխանատուներուն, թէ արդեօք այդ համաձայնութիւնը տակաւին առկա՞յ է` աւելցնելով, որ եթէ կառավարութիւնը իր այս խոստումը գործադրելու յանձնառու չըլլայ, ապա 2 դեկտեմբեր 2021-էն սկսեալ ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող բոլոր անհատները ազատ են կատարելու այն, ինչ որ կ՛ուզեն, առանց համադաշնակցութեան խորհրդատուութիւնը պահանջելու:
Կրթութեան Եւ Ելեւմուտքի Նախարարները Կը Ստորագրեն Ուսուցիչներուն Ժամական Աշխատավարձը Կրկնապատկելու Որոշումը
Կրթութեան եւ ելեւմուտքի նախարարներ Ապպաս Հալապի եւ Եուսեֆ Խալիլ ստորագրեցին որոշում մը, որուն համաձայն, դպրոցներուն եւ երկրորդական վարժարաններուն մէջ պայմանագիրով գործող ուսուցիչներուն ժամական աշխատավարձը պիտի կրկնապատկուի:
Նշենք, որ այս որոշումը կը վերաբերի 2021-2022 կրթական տարեշրջանին: