ԿՈՉ
Այդ օրերուն մեծ մարդասէրները` Մէյէ, Լէփսիուս, ժան Ժորէս,
Անադոլ Ֆրանս , Նանսէն, Վերֆել , եւ յայտնի ականաւոր դէմքեր
դատապարտեցին եւրոպական իրենց կառավարութիւնները,
ազդարարելով անոնց երկպառակութիւններն ու շահադիտական
հաշիւները։
Անոնք յանդգնութիւնը ունեցան մեղադրանքներ ու կոչեր յղելու մեծ
տէրութիւններուն դէմ։
Սակայն մարդասէրներու բողոքի ու ընդվզումի խօսքերը չօգնեցին
կասեցնելու հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած
ջարդն ու կոտորածը։
Որովհետեւ`մեծ հոգիները չունէին զէնք ու զրահ, այլ ունէին մարդկային
խոր իմաստութիւն, անկոտրում եւ ուժեղ հաւատք,
պայքարելու յանուն մարդկային
արդար իրաւունքներուն։
Անոնց անաչառ վկայութիւնները կը մնան պատմական անխախտ
վաւերագիրներ, յանուն հայոց բռնագրաւուած իրաւունքներուն։
Դաժան ու անողոք էր այդ ժամանակը։
Եւ այսօր նոյն դաժանութեամբ եւ նոյն գործելակերպով կը շարունակուի նախնադարեան բարքերով ու ռազմամոլութեամբ։
Արեւմուտքի եւ արեւելքի մարդասէրներ, ձեր զօրակցութեան
ու բուռն բողոքի ձայնը բարձրացուցէք, անհուն զայրոյթով, խօսքով,
գրիչով պաշտպանելու իրաւունքները համայն մարդկութեան։
Երբ քաղաքակիրթ աշխարհը քար լռութիւն կը պահէ , տեսնելով
բարբարոս ցեղի արեան ծարաւով գործադրուող ժողովուրդի մը սպանդը։
Պա’յքար ընդդէմ բարբարոսութեան ու բռնակալութեան։
Պայքար նոր սուլթաններու դէմ։
Պայ’քար յանուն մարդկութեան եւ
մարդկային արդարութեան։
“Թուրքերն ապացուցեցին, որ իրենք անկարող են տիրել հայ
ազգի նման Ազգի մը”։
Անթուան Մէյէ
“Այն ժամանակ, երբ Ֆրանսա անունը գոյութիւն չունէր,
Հայաստանը մեծ դեր խաղցած է պատմութեան մէջ”։
Անթուան Մէյէ
“Այն ժամանակներուն երբ ֆրանսերէն լեզուն դեռեւս չէր տարբերեր
լատիներէնէն,Գոյութիւն ունէր հայերէն կարեւոր գրականութիւն”։
Անթուան Մէյէ
“Կայ երկիր մը, որ հայերը կարող են պահանջել
Յանուն ներկայ իրաւունքի”:
Անթուան Մէյէ
“Եւրոպան այս անգա՞մ ալ պիտի թոյլ տայ ջարդ։ Ան արդէն մեծ
ոճիր գործեց զոհելով ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը սուլթանի
մոլեգին սարսափներուն եւ դիւանագիտութեան դաւերուն։
Բայց այս անգամ աւելի մեծ պիտի ըլլայ ոճիրը”։
Ժան Ժորէս
“Եթէ Հայաստանի մէջ վերսկսին ջարդերը եւ Եւրոպայի անտարբերութեան
կամ մեղսակցութեան ոճիրը,
Քաղաքակրթութեան գաղափարն անգամ չի դիմանար այդ արարքին”։
Ժան Ժորէս
Հայկական Հարցը “ինքնաբոյս տունկ մը չէ” այլ հայ ժողովուրդի
ոտնահարուած իրաւունքներուն հարցն է,
որ արդար լուծում կը պահանջէ”:
Յ. Լէփսիուս
“Հայ ազգը զոհ գնաց Ռուսաստանի եւ Անգլիոյ քաղաքական
շահերու հակամարտութեան։
Լոնտոնի եւ Բեթերսպուրկի ճատրակի մէջ հայը զինուոր էր, որ երբեմն
առաջ կը քաշուէր, երբեմն կը զոհուէր։
Մարդասիրական յորջորջումները, “քրիստոնէական հովանաւորութիւնը”պատրուակներ էին”։
Յ. Լէփսիուս
“Այն ժողովուրդը որ չ’ուզեր մեռնիլ,
Երբեք չի’ մեռնիր”։
Անադոլ Ֆրանս
” Թողուլ որ ջարդերով որոշուին հայերուն իրաւունքները`
Կը նշանակէ վարձատրել բարբարոսութիւնը”։
Անթուան Մէյէ