ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Այդ օրերուն, մեծ մարդասէրները` Մէյէ, Լէփսիուս, ժան Ժորէս, Անադոլ Ֆրանս , Նանսէն, Վերֆել , եւ յայտնի ականաւոր դէմքեր դատապարտեցին եւրոպական իրենց կառավարութիւնները, ազդարարելով անոնց երկպառակութիւններն ու շահադիտական հաշիւները։
Անոնք յանդգնութիւնը ունեցան մեղադրանքներ ու կոչեր յղելու մեծ տէրութիւններուն դէմ։ Սակայն մարդասէրներու բողոքի ու ընդվզումի խօսքերը չօգնեցին կասեցնելու հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ջարդն ու կոտորածը։
Որովհետեւ`մեծ հոգիները չունէին զէնք ու զրահ, այլ ունէին մարդկային խոր իմաստութիւն, անկոտրում եւ ուժեղ հաւատք, պայքարելու յանուն մարդկային արդար իրաւունքներուն։ Անոնց անաչառ վկայութիւնները պիտի մնան պատմական անխախտ վաւերագիրներ, յանուն հայոց բռնագրաւուած իրաւունքներուն։ Դաժան ու անողոք էր այդ ժամանակը։
Եւ այսօր նոյն դաժանութեամբ եւ նոյն գործելակերպով կը շարունակուի նախնադարեան բարքերով ու ռազմամոլութեամբ։
Արեւմուտքի եւ արեւելքի մարդասէրներ, ձեր զօրակցութեան ու բուռն բողոքի ձայնը բարձրացուցէք, անհուն զայրոյթով, խօսքով, գրիչով պաշտպանելու իրաւունքները համայն մարդկութեան։
Երբ քաղաքակիրթ աշխարհը դեռ քար լռութիւն կը պահէ տեսնելով բարբարոս ցեղի արեան ծարաւով գործադրուող ժողովուրդի մը սպանդը։
Պա’յքար ընդդէմ բարբարոսութեան։ Պայ’քար յանուն մարդկութեան եւ մարդկային արդարութեան։