2017 թուականի Յունուար մէկէն լոյս աշխարհ կու գայ «Պայքար» շաբաթաթերթի առաջին համարը: «Պայքար»ը մէկ դարու հարուստ կենսագրութիւն մը ունի իր ետին: Իբրեւ օրաթերթ ու շաբաթաթերթ՝ ան ծառայած է Ամերիկայի Արեւելեան ափի հայութեան, ուր կը գտնուէր նաեւ համայնքի մտաւորական սերուցքը:
«Պայքար» հանդիսացած է ու կը շարունակէ հանդիսանալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեանգաղափարական օրկանը: Այն շրջանին երբ թերթը կը ծառայէր ընթերցողներու շրջանայինծիրիմը՝համապատասխան որակով եւ արժէքով ՌԱԿի այլ օրկաններ կը ծառայէին այլ գաղութներու՝ անսայթաք
գաղափարական ներդաշնակութեամբ մը իրարու հետ:
Լրատու միջոցներու համաշխարհայնացումը եւ ելեկտրոնային մամուլի աճումը դիմափոխեցին աւանդական մամուլին դերը, որ միանալով նիւթական միջոցներու սղութեան՝ շրջան մը ընդհատեցին «Պայքար»ի առաքելութիւնը:
Այսօր, միեւնոյն այդ համաշխարհայնացումը եւ ելեկրոնային միջոցներու աճումը լայն հորիզոն կը բանան «Պայքար»ին, վերադառնալու իր առաքելութեան եւ իր գաղափարական խօսքը հասցնելու համայն հայութեան, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ:
«Պայքար» այս ձեւով կու գայ փոխարինելու ոչ այլ ոեւէ օրկան, որքան՝ վերադառնալու իր իսկութեան, իր դարաւորառաքելութեան. ան լոյս պիտի տեսնէ տպագիր եւ ելետրոնային հրատարակութեամբ:
Փնտռեցէք «Պայքար»ը հետեւեալ հասցէով. [email protected]
Ներփակ կը գտնէք մեր առաջին թիւը: