«Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան հրաւէրով Նոյեմբեր 22-26 Հայաստան պիտի գտնուի Պաշգիրիայի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռաֆայիլ Զինուրովը:
Կազմակերպութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ, այցը տեղի կ’ունենայ անոր` «Հայաստան. հազարամեակներու ուղի» գիրքի առաջին հատորի շնորհանդէսին առիթով: Շնորհանդէսը պիտի կայանայ Նոյեմբեր 23-ին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ: Անիկա համատեղ կը կազմակերպի ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի, Պատմութեան ուսումնարանի եւ մոսկովեան «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան կողմէ:
Պաշգիրիայի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռաֆայիլ Զինուրովը իրաւագիտութեան դոկտոր է, «Ետինայա Ռոսսիյա» կուսակցութեան անդամ:
Անոր «Հայաստան. հազարամեակներու ուղի» գիրքը հայոց պատմութեան չափածոյ շարադրանքն է հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը` հիմնուած հայոց պատմիչներու աշխատութիւններուն վրայ: Առաջին հատորը կը հասնի մինչեւ հայոց գիրերու գիւտը: Ներկայիս մոսկովեան «Եունիփրես» հրատարակչութեան մէջ ընթացքի մէջ են երկրորդ եւ երրորդ հատորներու տպագրման աշխատանքները:
Գիրքի մոսկովեան շնորհանդէսը 2011 Ապրիլին տեղի ունեցած է Ռուսաստանի պետական գրադարանին մէջ, Մոսկուայի Մ. Լոմոնոսովի անուան Պետական համալսարանի Ասիայի եւ Ափրիկէի ուսումնարանի եւ «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» համատեղ կազմակերպմամբ:
Ռաֆայիլ Զինուրովի գիրքը եւ անոր ներկայացման արձագանգը հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային համագործակցութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Պաշգիրիայի միջեւ համագործակցութեան հաստատման խթան հանդիսացած է: Ներկայիս ընթացքի մէջ է Պաշգիրիայի նախագահի` Հայաստան այցելութեան նախապատրաստումը:
Պաշկիրիայի մէջ կը բնակի աւելի քան 20.000 հայ, Ուֆայի մէջ 2001-էն ի վեր կը գործէ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց: Պաշգիրիայի իշխանութիւններուն կողմէ հայ համայնքին Ուֆայի մէջ հող յատկացուած է հայկական եկեղեցի կառուցելու համար: