Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, թէ բախումները տարբեր ծանրութեամբ շարունակուած են գիշերուան ընթացքին: Թշնամին վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները՝ կիրառելով ծանր զէնքեր: Ըստ Ստեփանեանի, հայկական ստորաբաժանումները սառնասրտօրէն կը դիմագրաւեն ազերիական ոտնձգութիւնները՝ պատճառելով զգալի կորուստներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան նոյնպէս հաւաստեց գիշերուն ընթացքին ռազմական գործողութիւններու շարունակութիւնը, հայկական զինեալ ուժերու նշանակալի յաջողութիւններով:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ հայկական ուժերը գիշերուան ընթացքին ազատագրած են կարգ մը կորսնցուցած դիրքեր:
Ծերակուտական Պոպ Մենենտես Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը կը նկատէ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող գործողութիւն: