Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկեց ապօրինի անցքերուն թղթածրարը:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ նախագահ Աուն արծարծած է Լիբանանի ապօրինի անցքերու հարցը` ընդգծելով սահմանի հսկողութիւնը ամրապնդելու եւ մաքսանենգումը արգիլելու կարեւորութիւնն ու օրինազանցներուն նկատմամբ օրէնքի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ասմար նշեց նաեւ, որ վարչապետ Տիապ իր կարգին անդրադարձած է սահմաններու պաշտպանութեան եւ ապօրինի անցքերուն վրայ հակակշիռ բանեցնելու գումակային խոչընդոտներուն:
«Բանակի հրամանատարին կողմէ երկրին ցամաքային սահմաններուն, յատկապէս ապօրինի անցքերուն մասին կատարուած ներկայացումէն ետք, նախարարներն ու ապահովական եւ զինուորական կառոյցներու պետերը, ինչպէս նաեւ մաքսատան պատասխանատուները քննարկեցին առկայ հարցերն ու դժուարութիւնները, որոնք կ՛արգելակեն սահմաններուն խիստ հսկողութիւնը», ըսաւ Ասմար:
Ան նկատել տուաւ, որ քննարկուած հարցերուն լոյսին տակ որոշուեցաւ օրինազանցներուն հսկողութիւնն ու հետապնդումը խստացնել եւ մաքսանենգող ընկերութիւններուն ու հաստատութիւններուն դէմ յաւելեալ պատիժներ որդեգրել:
Ասմար ընդգծեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին որոշուեցաւ սահմաններուն հսկողութեան խստացման նպատակով ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել` արգիլելու ամէն տեսակ արտադրութեան մաքսանենգումը, ինչպէս նաեւ փակել ապօրինի անցքերը:
Ասմար յայտնեց, որ նիստին որոշուած է նաեւ զինուորական եւ ապահովական հսկողութեան կեդրոններ ստեղծել:
Ան հաստատեց, որ նիստին ընթացքին տրուած որոշումները, ըստ օրէնքին, կը մնան գաղտնի: