Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը խստօրէն կը դատապարտեն Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան եւ զինուած ուժերուն միջեւ հակասութիւններ սերմանելու որոշ քաղաքական շրջանակներու փորձերը: Սոյն յայտարարութիւնը դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
«Առաւել եւս ռազմական դրութեան պայմաններու մէջ Հայաստանի զինուած ուժերը հաւատարիմ են օրէնքով նախատեսուած աստիճանակարգութեան եւ պիտի շարունակեն անվերապահօրէն կատարել Հայաստանի հանրապետութեան Գերագոյն հրամանատարի, կառավարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարի հրամաններն ու որոշումները: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը քաղաքական եւ մերձքաղաքական շրջանակներուն կ’ընեն զերծ մնալ պառակտիչ յայտարարութիւններէն եւ գործողութիւններէն». ըսուած է յայտարարութեան մէջ: