Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց այսօր՝ հինգշաբթի 8 հոկտեմբեր երեկոյեան ժամը 18.00-էն սկսեալ Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծերուն վրայ զինադադարի համաձայնութեան լուրերը:
Նշենք, թէ Ժընեւի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները դռնփակ նիստ մը կ’ունենան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: