ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահին՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ՝ նշելով, որ անոնց մէջ առկայ են պնդումներ, որոնք նպատակ ունին զոհերու արժանապատուութիւնը վիրաւորելու միջոցով արդարացնելու Ցեղասպանութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթի հետագայ ծաւալման լոյսին տակ Թուրքիոյ նախագահը վերջին օրերուն հանդէս եկած է իրերամերժ եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններով: Այս տարի 24 Ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը արդէն իսկ «արդարացուցած» էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը՝ զայն որակելով «ամէնէն ողջմիտ գործողութիւն»ը, իսկ Ցեղասպանութեան զոհերը՝ «հայկական աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ»: Այժմ Թուրքիոյ նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը կը զրկէ նոյնիսկ իրենց պատմական հայրենիքէն՝ զանոնք անուանելով քոչուորներ՝ մոռնալով իր նախնիներուն եւ շրջանի բնիկներուն պատմութիւնը, կը շեշտէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումն անկասկած անհրաժեշտ են ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան համար: Սակայն այն անհրաժեշտ է ոչ այնքան պատմութեանը կամ պատմաբաններին, որքան այսօր համայն մարդկութեանը եւ յատկապէս ինքնութեան հողի վրայ կատարուող յանցագործութիւնների պոտենցիալ (հնարաւոր-Խմբ.) զոհերին: Այն անհրաժեշտ է այն մարդկանց եւ ժողովուրդներին, որոնց Թուրքիայի Հանրապետութիւնն այսօր, կրօնական եւ էթնիկ (ցեղային-Խմբ.) պատկանելիութեան համար անուանելով ահաբեկիչներ, ենթարկում է բռնութեան եւ բռնագաղթման իր իսկ հարեւան երկրի տարածքում: Այն անհրաժեշտ է ցեղասպան ընկալումների յաղթահարման եւ մարդու իրաւունքների համընդհանուր պաշտպանութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հաստատուած է, որ Ցեղասպանութեան զոհերուն ժառանգորդներուն եւ միջազգային հանրութեան համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որ նաեւ հիմք ծառայած է Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգիլման, 1948ի ուխտի մշակման եւ հետագային, անոր հիման վրայ, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործիքակազմերու ներդրումին համար:
«Արդարացնելով եւ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուժի կիրառմամբ ագրեսիվ (յարձակողական-Խմբ.) քաղաքականութիւն վարելով իր հարեւանների հանդէպ, երկու տասնամեակից աւելի շարունակելով Հայաստանի ցամաքային շրջափակումը, եւ ռազմաքաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելով Ադրբեջանին ԼՂ հակամարտութեան համատեքստում՝ Թուրքիան շարունակում է հանդիսանալ ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովրդի անվտանգութեան սպառնալիք:
«Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի հանդէպ իր ներկայ թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչն առաջին քայլը կարող է դառնալ Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման եւ տարածաշրջանային սպառնալիքների նուազեցման ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: