Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հաստատած է Սերտար Քըլըճի` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ համապատասխան որոշումը հրապարակուած է Թուրքիոյ «Ռեսմի Կազեթէ» պաշտօնական թերթին մէջ:
«Սերտար Քըլըճը հաստատել իբրեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
Քըլըճ մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճի յատուկ ներկայացուցիչ նշանակումը յայտնի դարձած էր անցեալ տարեվերջին: Այս հոլովոյթին մէջ հայկական կողմը պիտի ներկայացնէ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: