Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու չի նկատուիր, այնքան ատեն որ այդ մասին պաշտօնապէս չէ յայտարարած:
«Հաւանաբար շատեր չհաւատան, սակայն օր մը օրանց իմ թեկնածութիւնս չեմ քննարկած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ նախագահական աթոռի թափուր մնալը:
Պասիլ շեշտեց, որ ծրագիրը պաշտօնէն շատ աւելի կարեւոր է, «նոյնիսկ եթէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մերժէ հանրապետութեան հզօր նախագահի գաղափարը», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումի թղթածրարին` Պասիլ յայտնեց, որ նախագահ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այդ իմաստով համաձայն են եւ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին հետ անոր հիման վրայ պիտի բանակցին:
«Ծովային սահմանագծումի թղթածրարը Լիբանանի համար կենաց մահու հարց է, իսկ Իսրայէլ այս փուլին շատ տկար է եւ Լիբանանի դէմ պատերազմ յայտարարելու կարողութիւն չունի», ըսաւ ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները Միքաթիի անունը պիտի չառաջադրեն` վարչապետի պաշտօնին համար:
Պասիլ շեշտեց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պաշտպաններ ունի` աւելցնելով, որ անոր գործած արարքները դարձած են անհանդուրժելի:
Պասիլ ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով վճիռը պէտք է արձակուի` նշելով, որ այս պահուն որոշ մարդիկ անարդարօրէն արգելափակուած կը մնան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ ինք չի փափաքիր նախարար նշանակուիլ, «իսկ կառավարութեան մէջ վերջին անգամ նախարար նշանակուիլս քաղաքական մեծ սխալ մըն էր», ըսաւ ան: