Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:
Համախմբումին նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան ժողովները չգումարելու առումով ոչ մէկ բացատրութիւն կամ արդարացում գոյութիւն ունի այլեւս` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքները խանգարելու առաստաղը շրջանցած է քաղաքական տարակարծութիւնները եւ վերածուած ժողովուրդին սպառնացող ուղղակի վնասի, որուն պատասխանատուութիւնը կը կրեն կառավարութեան աշխատանքը արգելակողները:
Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կառավարութիւնը ժողով մը չի գումարեր, այնպիսի երկրի մը մէջ, որուն դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ: «Ինչպէ՞ս կառավարութիւնը ժողով չի գումարեր, երբ սահմանադրութեան համաձայն, ան պատասխանատու է լուծելու լիբանանցիներուն դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապները: Կառավարութիւնը հրաւիրուած է ժողով գումարելու, այլապէս ան ինքզինք տապալած կ՛ըլլայ` սահմանադրական, քաղաքական եւ ժողովրդային առումով, իսկ իր լռութեամբ մեղսակցած կ՛ըլլայ տիրող կացութեան ու երկրին փլուզման», ըսաւ Պասիլ:
Ան հաստատեց, որ համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ խորհրդարանը կառավարութիւնը հրաւիրէ հարցապնդման նիստի մը, որպէսզի լուսարձակի տակ առնէ անոր ժողով չգումարելու իրողութիւնը, երկրին տագնապներուն լուծում գտնելու իմաստով անոր անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տրուած իրաւունքը` անհեռատես կերպով հրապարակելու հրամանագիրներ, որոնք իրենց հետեւանքները կ՛ունենան լիբանանցիներու կեանքին վրայ:
Պասիլ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը կարեւոր է` իմանալու համար լիբանանցիներուն ունեցած գումարներուն ճակատագիրը եւ իրագործելու համար միջազգային գետնի վրայ Լիբանանէն պահանջուած բարեկարգումի կարեւորագոյն պայմանը:
Պասիլ նշեց, որ համախմբումը կը սերտէ իրաւական եւ դատական այն կարելիութիւնները, որոնք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ կարելի է գործադրել` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկման մէջ իր մեղսակցութիւնը:
Պասիլ համախմբումին անունով վերստին պահանջեց կառավարութենէն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը փոխարինող մը նշանակել` նկատի ունենալով, որ անոր դէմ յարուցուած դատական հարցերը բազմացած են` ներքին եւ արտաքին առումով: