Գահիրէի մէջ կայացած արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ ոչ թէ Թուրքիոյ դէմ, այլ Սուրիոյ համար է նշեալ նիստը` Սուրիոյ բացակայութեան, եւ աւելցուց հարց տալով, թէ արդեօք չէ՞ հասած Սուրիոյ` Արաբական լիկային վերամիանալուն ժամանակը:
Պասիլ իր խօսքը շարունակեց ընդգծելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած արիւնահեղութեան, ահաբեկչութեան եւ տեղահանման իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սեղանի վրայ դրաւ «անառակ որդի»-ին վերադարձին եւ արաբական հաշտութեան խնդիրը: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը գաղթական դարձաւ ու իր հայրենիքէն դուրս որոնեց իր ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, եւ աշխարհը ամբողջ մաս կազմեց այս հակամարտութեան, իսկ արաբական երկիրներ` Լիբանանի, Յորդանանի եւ Իրաքի նման, բաւական սուղ գին վճարեցին ընկերային եւ ապահովական ոլորտներուն մէջ` արաբական երկիրներուն ներգրաւուածութեան, եւրոպական երկիրներու միջամտութեան եւ շահախնդիր կողմերու մեղսակցութեան լոյսին տակ:
Նախարար Պասիլ աւելցուց, որ ոմանք Լիբանանի շահը Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան զօրավիգ կանգնելուն մէջ կը տեսնեն, որովհետեւ ան կը ձգտի շրջանը տեղահանուածներուն համար ապահով դարձնել, ինչ որ իր կարգին Լիբանանի մէջ պատսպարեալներուն առիթ կու տայ վերադառնալ Սուրիոյ կառավարութեան ենթակայ վայրեր. ուրիշներ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան մէջ Լիբանանին շահը կը տեսնեն քրտական գործօնի ծաւալման արգիլման մէջ, որ շրջանի չորս երկիրներուն` Իրանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի հողային միասնականութիւնը վտանգի ենթարկած է:
«Այսուհանդերձ, Լիբանանի դիրքորոշումը սկզբունքային, գերիշխան, հայրենասիրական եւ ազգասիրական է: Ըստ այդ կեցուածքին, անընդունելի է յարձակում կատարել հարազատ արաբական սուրիական հողերուն վրայ», ըսաւ ան:
«Լիբանանի շահը արաբական սկզբունքային համաձայնութեան մէջ է, որ կը պաշտպանէ բոլոր արաբական երկիրները արտաքին յարձակումներէ: Միայն իրաւունքը, արդարութեան սկզբունքը եւ միջազգային օրէնքը կ՛արտօնեն մշտական ապահովութեան իրականացումը», ըսաւ Պասիլ` շնորհակալութիւն յայտնելով Եգիպտոսին սոյն նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ բարձրացնելով Սուրիոյ` Արաբական լիկա անգամ մը եւս մուտք գործելու խնդիրը:
«Մենք կարիքը ունինք բանաւոր դատապարտումներէն եւ տեղեկատուական կեցուածքներէն աւելիին, մենք կարիքը ունինք միացեալ արաբական կեցուածքի եւ միաձայնութեամբ գումարելու Արաբական լիկայի արտակարգ վեհաժողով մը լիկայի բոլոր անդամներուն ներկայութեամբ, ինչ որ նպատակ կը հետապնդէ Արաբական երկիրները իրարու հետ հաշտեցնել եւ դիմադրութեան ծրագիրներ մշակել:
Ժըպրան Պասիլ ըսաւ, որ «այսուհետեւ պիտի չընդունինք իսրայէլեան թէ թրքական կամ այլոց կողմէ կատարուած յարձակումները` արաբական երկիրներուն կամ արաբ ժողովուրդին դէմ: Ան ժողովականներուն հարցուց, թէ ի՞նչն է, որ արաբական երկիրները կ՛արգիլէ իրարու կամ ուրիշներու հետ երկխօսութեան նստելու` ներքին խաղաղութիւն որոնելու համար, կամ պայքար մղելու արտաքին ճակատի վրայ խաղաղութեան համար` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է դասեր քաղել պատմութենէն ու աշխարհագրութենէն, ինչպէս նաեւ բաց եւ անկեղծ երկխօսութեան նստիլ կողմերուն հետ:
Պասիլ խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով մոռնալու անցեալի վատ օրերն ու վէճերը, եւ միասին ու միաձայն աշխատելու Սուրիոյ կողքին` պէտք եղած քայլերը առնելով բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը խախտեն արաբական հայրենիքին սրբութիւնը: