Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ճշմարտութիւնը այն է, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ ճամբայ ելլելը միշտ ալ դժուար եղած է, սակայն պէտք է քալել եւ անիրաւութիւնը հանդուրժել, որպէսզի մեր երկրին մէջ մնանք ազատ եւ Լիբանանը փրկենք բախումներէ ու երկփեղկումէ:
«Կը պնդենք, որ ամերիկացիներուն բարեկամ կ՛ուզենք մնալ, հակառակ ամերիկեան վարչակազմին անիրաւութեան: Իմ անձիս դէմ հաստատուելիք պատժամիջոցներուն եւ Լիբանանի ներքին խաղաղութեան պաշտպանութեան միջեւ ընտրութիւնը դժուար չէր: Այս քայլը նուազագոյնն է, որուն կրնամ դիմել` իրենց հոգին ու մարմինը զոհաբերած մարդոց, հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն հետ բաղդատած: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մեր նախահայրերուն վճարած սուղ գիներուն դիմաց, մեր վճարածը շատ չնչին է», ընդգծեց Պասիլ:
Պասիլ նշեց, որ պատժամիջոցներուն մասին տեղեկութիւնները սկսան լուրջ դառնալ 2018-ի ամրան: «Օրին հանրապետութեան նախագահէն իմացայ, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կապուած է նախագահին հետ եւ անոր յորդորած Հըզպալլայի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կապը խզելու կարեւորութեան մասին: Մենք գործակալներ չենք, այլ` կը փափաքինք ըլլալ բարեկամներ: Ամերիկացիները ինծի առաջարկեցին շարք մը առաւելութիւններ, որոնք Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ինծի համար համբաւ կ՛ապահովէին, սակայն անոնք յուսախաբ դուրս եկան: Այս մասին տեղեակ պահեցի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, որ հասկացողութիւն ցուցաբերեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց որեւէ օժանդակութիւն տրամադրելու», շեշտեց Պասիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք իրաւաբանական գրասենեակի պիտի դիմէ` բեկանելու համար իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու որոշումը, եւ հատուցում պիտի պահանջէ:
«Մենք ոչ մէկ լիբանանցիի կրնանք դաւաճանել` օտարին շահերուն ի խնդիր: Այս առումով, կը մերժենք Հըզպալլան առանձին ձգել արտաքին ճնշումներուն դիմաց», ընդգծեց Պասիլ:
Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ տարակարծութեան նիւթը միայն Հըզպալլան չէ, այլ` թղթածրարներ, որոնք Լիբանանի շահերուն հետ ո՛չ միայն կը հակադրուին, այլեւ կը քանդեն անոր գոյացութիւնն ու կը սպառնան անոր գոյութեան:
«Այդ թղթածրարներն են` սուրիացի տեղահանուածները, պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումն ու դարու գործարքը, Իսրայէլէն մեր հողային պահանջներն ու սահմանագծումը: Այս բոլորը պատճառներ էին, որ ամերիկեան վարչակազմը ապօրինի եւ զրպարտութեան վրայ հիմնուած պատժամիջոցներ հաստատէ: Միացեալ Նահանգներ կրնան զիս պատժել, սակայն չեն կրնար խլել իմ հայրենասիրութիւնս ու արժանապատուութիւնս», հաստատեց ան:
Կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով Պասիլ յայտնեց, որ իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները պէտք է ըլլան կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու պատճառ մը: Ան աւելցուց սակայն, որ առանց միացեալ չափանիշներու կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ուշանայ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէէն պահանջեց պէտք եղած հաղորդակցութիւնները ունենալ Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան եւ դեսպանին հետ` ստանալու համար այն փաստաթուղթերը, որոնց հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը ամբաստանած է Պասիլը եւ անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատած:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ ու համակիրներ երէկ ուղղուեցան Պասիլի Պաթրունի բնակարանը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին անոր` մերժելով Պասիլի դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ իր ղեկավարին` Ժըպրան Պասիլի դէմ պարտադրուած պատժամիջոցները մերժելի են եւ վրէժխնդրութիւն կը նկատուին այնպիսի պետութենէ մը, որ չկրցաւ խախտել լիբանանցի ղեկավարի մը ազգային սկզբունքները, համոզումներն ու ընտրանքները: