ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պասքերու երկրի խորհրդարանը ընդունեց հռչակագիր մը, որուն միջոցաւ սատարեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ մերժեց բռնութեան կիրարկումը: Հռչակագիրին թեր քուէարկեցին խորհրդարանի ճնշող մեծամասնութիւնը:
Պասքերու երկրի խորհրդարանը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վերահաստատեց պասքերու ժողովուրդին՝ հայ ժողովուրդի հետ միաւորող բարեկամութեան խորը կապերը:
Խորհրդարանի ընդունած հռչակագիրը բաղկացած է 5 կէտերէ: Առաջին կէտով խորհրդարանը կը յիշեցնէ Ապրիլ 2016ին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Պասքերու երկրին կողմէ ընդունուած հռչակագիրը եւ վերահաստատեց զայն: Երկրորդ կէտով ցաւակցութիւն յայտնեց թէ՛ ռազմական եւ թէ քաղաքացիական զոհերու ընտանիքներուն: Հռչակագիրով կը մերժուի բռնութեան կիրարկումը, կարեւոր կը նկատուի սթաթուս քոյի պահպանումը եւ ԵԱՀԿի Մինսկի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ հարցի կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Պասքերու երկրի խորհրդարանի ընդունած հռչակագիրի վերջին կէտով կը վերահաստատուի այն դիրքորոշումը, որ այս պատմական հարցին միակ լուծման պէտք է հասնել միայն անկեղծ երկխօսութեան եւ կառուցողական բանակցութիւններու միջոցով, եւ անիկա պէտք է հիմնուի Արցախի բնակչութեան մեծամասնութեան կամքի ազատ արտայայտման վրայ: