ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
«Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մր. 6.37)
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Այս օրհնեալ պահուն, երբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ բոլորս աղօթակից կը դառնանք, փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան հոգեւոր եղբայրներուս մէջէն զիս յարմար նկատեց դառնալու Լիբանանի հայութեան նորընտիր առաջնորդը: Այս մէկը ցուցանիշ չէ իմ արժանաւորութեան, այլ` աստուածային տնօրինութեան, որուն ի պատասխան` Սողոմոն թագաւորին նման կը դիմեմ մեր Երկնաւոր Հօր եւ կ՛ըսեմ. «Ո՜վ Տէր, ես քու ծառադ եմ. իմ միտքս բաց, որպէսզի քու ժողովուրդդ կառավարեմ եւ բարին ու չարը զատորոշեմ» (Գ. Թգ. 3.9):
Որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին, որ սարկաւագական օրերէս մինչեւ այսօր իր հայրական խնամքով պարուրեց զիս եւ երէկ իր հայրական օրհնութեամբ վաւերացուց առաջնորդ ընտրութիւնս: Վստահ եմ, որ վեհափառ հայրապետը պիտի շարունակէ իր յորդորներով դիւրացնել ստանձնած նոր պատասխանատուութիւնս: Նորին սրբութեան կը խոստանամ անթիլիասական միաբանի ուղեգիծով եւ նոր եռանդով շարունակել ծառայութիւնս: Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ արտօնեց ինծի վերջին երեք տարիներուն առաւելաբար Մոնրէալ մնալ եւ հօրս ու մօրս հոգատարութեամբ զբաղիլ:
Շնորհակալութեան խօսքս կ՛ուղղեմ հոգեւոր եղբօրս` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ վերջին հինգ տարիներուն ձեռնհասօրէն վարեց Լիբանանի հայութեան առաջնորդի պաշտօնը: Մեր բոլորին կողմէ յաջողութիւն կը մաղթեմ իրեն` իր ստանձնելիք յաջորդ առաքելութիւններուն մէջ:
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներուն, որոնք իրենց քուէներով լիբանանահայութեան վստահութիւնը ցուցաբերեցին ինծի հանդէպ:
Սրտագինս կ՛ողջունեմ ի Քրիստոս հոգեկից եղբայրներս, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու բոլոր մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, Լիբանանի պետական իշխանութիւնը, լիբանանեան համայնքային կեանքի իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր միաւորները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները: Ձեզ բոլորդ Աստուծոյ, Լիբանանի եւ մեր ազգի անդաստանին մէջ ծառայակիցներ նկատելով` կ՛ապաւինիմ բոլորիդ աղօթքին եւ գործակցութեան:
Նկատի ունենալով, որ այսօր Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ պատմական թուական է` Արցախի անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ, մեր բոլորին անունով կը շնորհաւորեմ ազատ ու անկախ Արցախի հայրենի պետութիւնն ու հերոս ժողովուրդը` զիրենք վստահեցնելով, որ լիբանանահայութիւնը մի՛շտ իրենց կողքին է:
Այսօրուան Ճաշու Աւետարանին մէջ արձանագրուած «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» Քրիստոսի հրահանգը որպէս առաջնորդող մտածում առնելով` հինգ հազարին կերակրումը պիտի փորձեմ մեր կեանքին հոգեւոր եւ ազգային սնուցման առնչել:
Մարկոս Աւետարանիչ կը պատմէ, որ երբ առաքեալներ իրենց առաքելութենէն Յիսուսի մօտ վերադարձան, ան ուզեց, որ բոլորը միասին իրեն հետ ամայի տեղ մը երթան եւ քիչ մը հանգչին: Սակայն երբ ժողովուրդը գիտցաւ անոնց ուր երթալը, Յիսուսի շուրջ հաւաքուեցաւ, եւ Ան սկսաւ ուսուցանել: Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք առաքեալները խնդրեցին Յիսուսէն, որպէսզի ժողովուրդին առիթ տայ շրջակայ գիւղերը երթալու եւ ուտելիք գնելու: Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»: Անոնք հարցուցին.- «Կ՛ուզե՞ս, որ երթանք եւ հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար»: Յիսուս հարցուց. «Քանի՞ հաց ունիք»: Անոնք ըսին. «Հինգ հաց եւ երկու ձուկ»: Յիսուս հրամայեց առաքեալներուն, որ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստեցնեն խոտին վրայ: Ապա ան առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց ու կտրեց հացերը, եւ առաքեալները հացերն ու ձուկերը բաժնեցին անօթի ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած կտորները հաւաքելով` տասներկու սակառ լեցուցին: Ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր:
Այս հրաշապատումը հետեւեալ կէտերը կը յանձնէ մեր ուշադրութեան.
Առաջին, հինգ հազարը կերակրելու հրաշքը այնքա՜ն տպաւորած էր Յիսուսի առաքեալները, որ ան միակ հրաշքն է, որ կենդանի կերպով ու մանրամասնօրէն արձանագրուած է Նոր Կտակարանի չորս Աւետարաններուն մէջ. որովհետեւ առաքեալներ Յիսուսի կողմէ նախ հոգեւոր եւ ապա ֆիզիքական ուտելիքի մատակարարման ականատես կը դառնային եւ իրենք եւս իրենց համեստ մասնակցութիւնը կը բերէին այս հրաշքի արդիւնաւորման: Նոյնը չէ՞ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Աստուծոյ շտեմարանը այնքա՜ն լեցուն է, որ բոլորս ալ միշտ կուշտ պահելու համար հաց կայ հոն: Աստուած կը բաշխէ մեր ուտելիքը. մենք ալ մեր հերթին կշտանալու չափ առնելէ ետք այդ ուտելիքէն, մեր նմաններուն բաժին կը հանենք մեզի տրուածէն:
Երկրորդ, հետաքրքրական է ընդգծել, որ սուրբ պատարագի ընթացքին, նախքան «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է մարմին իմ» արտասանելը, պատարագիչ քահանան ցած ձայնով գրեթէ նոյն բառերը կ՛ըսէ` Վերջին ընթրիքի ընթացքին Յիսուսի կատարած արարքին ակնարկելով. «Առնելով հացը իր սուրբ, աստուածային, անմահ, անարատ եւ արարչագործ ձեռքերով օրհնեց, շնորհակալութիւն յայտնեց, կտրեց եւ իրեն հետ բազմած ընտրեալ եւ սուրբ աշակերտներուն տուաւ»: Ահա այս հանգոյցով սուրբ պատարագն ու հինգ հազարը կերակրելու հրաշքը իրարու կը կապուին եւ մեզի կը յիշեցնեն այն հիմնական իրողութիւնը, որ ամէն տեսակի ուտելիք ճաշակելով հանդերձ, ամբողջական գոհացում պիտի չգտնենք, այլ միայն սուրբ պատարա՛գն է, որ մեր հոգեւոր սնուցումը պիտի ապահովէ: Կանոնաւորաբար սուրբ պատարագին մասնակցելով եւ սուրբ հաղորդութիւն ստանալով` մենք Քրիստոսով պիտի լիանանք եւ մեր հայ քրիստոնեայի կեանքը արժեւորենք: Կը մաղթեմ, որ սուրբ պատարագի նշխարը անպակաս մնայ մեր հոգիի սակառէն, որովհետեւ մենք ալ սուրբ դառնալու հրաւիրուած ընտրեալ աշակերտներն ենք Յիսուսի:
Երրորդ, Յիսուս այսօր ուղղակիօրէն մանաւանդ մեզի` լիբանանահայ համայնքի բոլոր մարզերու հոգեւորական եւ աշխարհական պատասխանատուներուս կոչ կ՛ուղղէ. «Դո՛ւք տուէք իմ ժողովուրդիս ուտելիքը»: Ամէն մարդ իր գործօն մասնակցութեամբ պիտի պատասխանէ այս աստուածահունչ հրաւէրին: Եկեղեցին եւ մասնաւորաբար, այս պարագային, մեր համայնական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ Աստուած եւ մարդ համագործակցութեան գեղեցիկ նմուշ մը պիտի դառնայ, որպէսզի հոգեւոր, իմացական եւ ֆիզիքական հացը չպակսի իւրաքանչիւր հայորդիի եւ բոլոր հայորդիներու հոգիի, միտքի եւ կեանքի սեղանէն: Հրաշքը նախապատրաստող Յիսուսի եւ առաքեալներուն խօսակցութիւնը զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ` մեր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու հրամայականին դիմաց: Առաքեալները կ՛ուզէին, որ ժողովուրդը ի՛նք գոհացնէ իր անօթութեան կարիքը, երբ Յիսուսի կ՛ըսէին. «Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին»: Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»: Կեանքի մէջ, եւ մանաւանդ` հաւաքական կեանքի մէջ, երբ կարիքներ զգացուին, երկու տեսակ մարդիկ կը յայտնուին. առաջին` անոնք, որոնք կ՛ըսեն. «Ինծի ինչ. ուրիշներ թող մտածեն այս մասին». երկրորդ` անոնք, որոնք կը տրամաբանեն. «Ե՛ս բան մը պէտք է ընեմ նմանիս օգնելու համար»: Վստահ եմ, որ երկրորդ տիպի մարդոց գործակցութեամբ հրաշքներուն թիւը պիտի աւելնայ մեր համայնական կեանքին մէջ:
Չորրորդ, Յիսուսի` «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» խօսքը որպէս ծառայական նշանաբան, կ՛որդեգրեմ այսօրուընէ սկսեալ: Այս պահուն դպրեվանեան կազմաւորման տարիներուս փորձառութիւնը կը յաճախէ զիս եւ կու գայ հաստատելու, թէ ես որքա՜ն բախտաւոր եմ, որ առանձին չեմ առաքելութեանս մէջ: Ես կը պատկանիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, որուն անդամներուն փառքը իրենց անձնուէր ծառայութիւնն է մեր ժողովուրդին: Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռը, Հայոց ցեղասպանութեան աքսորէն ետք, երբ հաստատուեցաւ Անթիլիասի մէջ, իր ամէնէն նուիրական պարտականութիւնը նկատեց վերակազմակերպել իր միաբանութիւնը` դպրեվանքի բացումով: Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. կաթողիկոս մայր տաճար եւ վեհարան կառուցելէ առաջ դպրեվանքի քարաշէն շէնքը բարձրացուց, որովհետեւ առանց նուիրեալ հոգեւորականութեան` կարելի չէ հաւատացեալ ազգ կերտել: «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» միշտ պիտի հնչէ ականջներուս մէջ եւ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ծառայող բոլոր անհատներուն եւ կառոյցներուն աղօթական ու գործնական զօրակցութեամբ պիտի փորձեմ կարելիս ի գործ դնել, որպէսզի հաստատուի այն ճշմարտութիւնը, որ երբ մեր քիչը` հինգ հացն ու երկու ձուկը, Յիսուսի ձեռքին մէջ դնենք, ան պիտի օրհնէ զանոնք եւ բազմացուցած` մեզի վերադարձնէ, որպէսզի բաշխենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդին` Աստուծոյ փառքին, Հայ եկեղեցւոյ սրբագործման եւ մեր բոլորին բարօրութեան համար:
Ահա այս մտածումներով կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի համար: Ես ալ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած` մեր հաւաքական յաջողութեան համար, խոստանալով փորձել, որ խօսքս գործէ եւ գործս խօսի, որովհետեւ` «Մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ: Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ եւ անոնք` իմ ժողովուրդս»» (Բ. Կր. 6.16), յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:
2 սեպտեմբեր 2018
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցի