ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ պետական աջակցութեամբ իրականացուող «Անպտղութեան յաղթահարման ծրագիր»ին դիմած` 44օրեայ պատերազմին զոհուած, պատերազմին պատճառով մահացած զինուորներու, կամաւորներու մայրերէն երկուքը արդէն զաւակ ունեցած են, իսկ 27 կիներ յղի են:
«Արմէնփրէս» մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին այս մասին խօսեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Նունէ Փաշայեան:
«Ծրագրի այս բաղադրիչը հաստատուեց 2021 թուականի Փետրուարին, եւ դեռ տարին չի լրացել, բայց արդէն ունենք լաւ արդիւնքներ: Վստահ եմ, որ թիւն օր օրի պիտի փոխուի: Ծրագրի այս բաղադրիչի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կայ: Արդէն շուրջ 200 շահառու դիմել է: Այս մայրերը նոյնչափ հերոս են, որքան իրենց զաւակները: Նրանք որոշել են վերաիմաստաւորել իրենց կեանքը եւ նոր կեանք պարգեւել», ըսաւ Նունէ Փաշայեան:
Հայկական վերարտադրողական բժշկութեան միութեան նախագահ Էդուարդ Համբարձումեան նշեց, որ վերարտադրողական բժշկութեան բուժման գործընթացը երկար կը տեւէ՝ միջինը 1.5 տարի:
«Ծրագրի շահառուների այս խումբը իւրայատուկ մօտեցում է պահանջում թէ բուժական, թէ հոգեբանական առումով: Դժուար փուլ է, որովհետեւ զոյգերը սթրեսային (ճնշուածութեան) վիճակում են, առողջական խնդիրներ ունեն, նոյնիսկ հետազօտութիւններից յետոյ քաղցկեղ է յայտնաբերուել, սակայն յաղթահարում ենք», յայտնեց Համբարձումեան, որ ընդգծեց, թէ պէտք չկայ աճապարելու, անհրաժեշտ է հետեւողական կերպով աշխատիլ շահառուներուն հետ: