ՏՐՊԷՅՃԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ
ՊԱՔՈՒ, «Ռիլ Թի.Վի.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով խոստովանեցաւ, որ ատրպէյճանցի սպաներու եւ ընդհանուր առմամբ բանակի մարտական պատրաստութեան հարցին մէջ մեծ դեր կը խաղան Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Ան ըսաւ, որ բազմաթիւ ատրպէյճանցի սպաներ կրթութիւն ստացած են Թուրքիոյ զինուորական դպրոցներուն մէջ: «Արդիւնքները ակնյայտ են», ըսաւ ան:
«Պատերազմը զինեալ ուժերուն համար ինքնատիպ քննութիւն էր: Մենք անցանք այդ փորձութիւնը, սակայն թրքական զինեալ ուժերը մեզ պատրաստեցին». շեշտեց ան՝ յիշեցնելով, որ միայն 2019ին թուրք-ատրպէյճանական 13 լայնածաւալ միացեալ ռազմափորձեր իրականացած են:
«Այս ռազմափորձերը կատարուած են այն պատճառով, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպաները մեր սպաներուն օգնեն իրենց մարտական պատրաստուածութիւնը աւելի բարձր մակարդակի բարձրացնելու», ըսաւ Հասանով:
Ըստ Հասանովի՝ Ալիեւ կարգադրած էր, որ Շուշիի գործողութեան ծրագրաւորման եւ գործադրման ընթացքին մկատի առնուի այն հանգամանքը, որ Շուշին «ատրպէյճանական մշակոյթի կեդրոն է» եւ այդ պատճառով Ատրպէյճանի բանակը չէր կրնար այնտեղ հրետանի օգտագործել:
Միւս կողմէ, 28 Յունիսին Ատրպէյճանի մէջ սկսան Թուրքիոյ հետ համատեղ «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք 2021» մարտավարական զօրավարժութիւնները:
Ըստ Պաքուի, անոնց նպատակն է՝ «երկու երկիրներու բանակային ստորաբաժանումներու համակարգուած գործողութիւններու եւ հրամանատարներու կառավարման կարողութիւններու բարելաւումն է»:
Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 30 Յունիս:
Վերջապէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի բանակի զինուորներուն թիւը պիտի աւելնայ, եւ սկսած է ժամանակակից յաւելեալ սպառազինութիւն ձեռք բերելու հոլովոյթը: «ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Ալիեւ այս մասին յայտարարեց Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի բանակի ղեկավարութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:
«Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ Ատրպէյճան պիտի ամրապնդուի, եւ այդ կասկածէ դուրս է: Մեր պատերազմական հզօրութիւնը պիտի մեծնայ: Պատերազմէն ետք համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են, նոր համաձայնագիրներ կնքուած են, սկսած է նոր սպառազինութիւն գնելու հոլովոյթը: Հաստատուած են մեր զինեալ ուժերու կառուցուածքային բարեփոխումները: Կրնամ ըսել, որ մեր զինեալ ուժերուն եւ բանակի զինուորներու թիւը պիտի աւելնայ», ըսաւ Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ Պաքու այս քայլերուն կը դիմէ «ճիշդ վերլուծելով ղարաբաղեան Բ. պատերազմի ընթացքը եւ արդիւնքները»: