ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմի գերիներուն եւ անոնց դէմ սկսած դատական գործերուն:
Դեմոկրատ քոնկրեսականը ահազանգեց Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ մարդկային իրաւունքներու շարունակուող խախտումներուն մասին:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապէն ետք, Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումը անընդունելի է: Պատերազմի գերիները հետապնդելը միջազգային ուխտերու կոպիտ խախտում է եւ Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ անտեսման վկայութիւն: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ հայ պատերազմի գերիները անյապաղ ազատ արձակելու ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգները պէտք է անհետեւանք չձգէ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող գործողութիւնները եւ դարձեալ գործի դնէ այն արգելքը, որմով չ՛արտօնուիր Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռազմական աջակցութիւնը Պաքուի վարչակարգին: Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ Ատրպէյճան անպատիժ խախտէ մարդկային իրաւունքները եւ ոտնահարէ միջազգային արժեչափերը», գրած է Շիֆ: