ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հայաստան մտաւ պատերազմի իրավիճակի մէջ: Կրնայ ըլլալ, որ այս իրավիճակը շարունակական ըլլայ, կրնայ ըլլալ, որ այս իրավիճակը երկարի, կրնայ ըլլալ ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւնը վատ անդրադարձներ ձգէ ժողովուրդին, բանակին եւ քաղաքական կեանքին վրայ:
Հայաստան` տարածաշրջանի փոթորիկին մէկ մասը ըլլալով, կը թուի, որ դժուար տարիներու հորիզոնի մը դէմ յանդիման է, ուստի ազգովին պէտք է իրազեկ եւ պատրաստ ըլլանք այս իրողութեան:
Փաստօրէն, մարտունակ բանակի պահուածքը եւ միջազգային նեցուկը միասնաբար կասեցուցին զինեալ գործողութիւնները կամ աւելի ճիշդը զինադադարի յանգեցուցին այս փուլը:
Սակայն ընդհանուր վերադասաւորման, վերաթափանցման եւ վերանայման պատճառները ակնյայտ են եւ ընդգծուած:
Պատերազմի ճնշումի եւ վախի տակ բանակցութիւնները միշտ ալ լաւ եզրակացութիւններու չեն հասնիր:
Պատերազմը պէտք չէ կասեցնէ բանակազինումը, բանակի մարտունակութիւնը, բանակի հզօրացումը:
Պատերազմը աւելի մեծ ճիգով եւ լարուածութեամբ պէտք է պահէ Հայաստան-սփիւռք կապը:
Պատերազմը պէտք է մղէ, որ աւելի մեծ զոհողութիւններով եւ աշխատանքներով գործեն առողջապահութեան, ելեւմուտքի, ընկերային հարցերու, պաշտպանութեան, կրթութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները:
Ազգովին հրաւիրուած ենք արթուն մնալու, զգօն պահակը ըլլալու մեր հայրենիքին: Կարեւոր չէ Հայաստան կ՛ապրինք թէ Աւստրալիա, Լիբանան թէ Քանատա: Այսօր պատերազմի մէջ ենք: Ո՛չ խաղաղութեան համաձայնագիր կայ, ոչ ալ տրամադրութիւն: Շրջանային ու միջազգային տակնուվրայ վիճակին մէջ թուրք-ազերիական ճիգն ու ծրագիրները` յաւելեալ ձեռքբերումներ ունենալու, անպակաս պիտի ըլլան:
Ռուսիոյ անորոշ, ոչ յստակ դիրքորոշումը տեղ-տեղ պիտի նպաստէ թշնամիին: Եւրոպայի կազի եւ տնտեսական տագնապը պիտի ստեղծէ աչք խփելու որոշ դիրքորոշումներ: Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնները, ինչպէս միշտ, փափաքի եւ մաղթանքի սահմաններուն մէջ պիտի մնան:
Մե՛նք միայն:
Մենք` Հայաստան-սփիւռք մեր միացումը, մեր մէկութիւնը, մեր անքակտելի գործակցութիւնը, մեր անվերապահ զօրակցութիւնը միայն հայրենի ժողովուրդին ուժ եւ կորով կու տայ տոկալու, դիմանալու, զօրանալու: Հայրենիքը իշխանութիւն չէ՛: Հայրենիքը հող, ջուր եւ օդ է՛: Մենք պէտք է հաւատանք հայրենիքի գոյատեւման ու յարատեւման եւ այդ լարուածութեամբ ու զգաստութեամբ աշխատինք բոլորս: