Ուղիղ իննսուն եւ վեց տարիներ առաջ այսօր՝ Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 1918, Գոմփէյնի (Ֆրանսա) մէջ կնքուած զինադադարին շնորհիւ, Գերմանիա անձնատուր դարձաւ Դաշնակից բանակներու հրամանaտարութեան: Աւարտեցաւ չորս տարի,երեք ամիս եւ տասը օր երկարած Առաջին Համաշխարհային պատերազմը: Յետագային, Վերսայի եւ Ուաշինgթընի մէջ կնքուեցան լրացուցիչ համաձայնագիրներ:
Ժամանակի հեռաւորութիւնն է արդեօք պատճառը, թէ՞ ճակատագիրի նախախնամութիւնը՝ իր նախադէպը չունեցող Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հետեւանքները աւելի խորունկ չքննարկելոււ իրողութեան: Պատերազմ, որուն ներգրաւուած էր այդ օրերու աշխարհին մէջ ճանչցուած յիսուն եւ ութ պետութիւններէն երեսուն եւ երեքը, աշխարհի այդ օրերու բնակչութեան եօթանասուն եւ հինգ առ հարիւրը: Պատերազմ, որուն պատճառով զոհուեցաւ աւելի քան քսան միլիոն մարդ: Ողբերգութիւն մը, որ մեր երկրագունդի ժողովուրդներուն «պարգեւեց» տասը միլիոն հաշմ եւ վիրաւոր, չէր կրնար սովորական ըլլալ…: Մինչդեռ տարօրինակօրէն, նոյնիսկ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ եզրը պատմութեան բառարանu մուտք գործած է միայն Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը սկսելէ ետք:
Ժողովրդավարութիւն հաստատելու, խաղաղ պայմաններու մէջ արդիւնաբերութիւն զարգացնելու, աշխարհի բոլոր պատերազմներուն վերջ դնելու նպատակով, քաղաքական գործիչներու սխալ հաշիւներով ծագած այդ «Մեծ Պատերազմ»ը պարզապէս սուտ եւ սին խոստումներու աննախադէպ փորձութիւն մըն էր: Ոգեւորութիւնը անմիջապէս վերածուեցաւ յուսախաբութեան: Ժողովուրդներ կորսնցուցին իրենց իշխանութիւններուն հանդէպ վստահութիւնը, բայց ամէն բան ուշ էր արդէն..: Պատերազմը ծանր հետք ձգեց սերունդներու մտածելակերպին վրայ եւ դարձաւ պատմութեան ամենաարիւնալի դարաշրջանին սկիզբը: Անգամ՝ զայն հրահրող ղեկավարներէն շատեր պատկերացում չունէին իրենց կայացուցած որոշումին ունենալիք ճակատագրական հետեւանքներէն:
Պատմաբաններ փորձած են թափանցել եւ բացայայտել Առաջին Համաշխարհային պատերազմին պատճառները: Միայն տնտեսական էին անոնք, թ՞է գաղութատիրական մրցակցութեան հետեւանք…: Արդեօ՞ք այդ պատերազմը կը մղուէր արդարութեան համար, փոքր ժողովուրդներուն ազատութիւն շնորհելու նպատակով, թէ կը հետապնդէր տարբեր նպատակներ: Որոնք էին մարդկային այս ողբերգութիւնը հրահրող կողմերը: Յաղթողնե՞րը, պարտուողնե՞րը թէ անոնց ետին պահուած մութ ուժեր…:
Բազմաթիւ ժողովուրդներ տուժեցին Առաջին Համաշխարհային պատերազմին արհաւիրքէն, որոնց մէջ հայ ժողովուրդը: Երբ կը խօսինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, միայն մատի վրայ հաշուող պատմբաններ կ’ընդգծեն, թէ անիկա գործադրուեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը սկսելէ անմիջապէս ետք: Արդեօ՞ք զայն կազմակերպողները նախապէս տեղեակ էին «Մեծ» պատերազմի մը պատրաստութիւններէն…: Այս տարի համայն աշխարհ ոգեկոչեց տխրայուշ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հարիւրամեակը: Հայրենական մամուլին մէջ արդեօ՞ք քանի հրապարակում կամ ուսումնասիրութիւն լոյս տեսաւ ընդգծելով այդ պատերազմին հակահայկական խորքը: Պատերազմին դրդապատճառներուն մասին շատ գրուած եւ պիտի գրուի տակաւին, սակայն հայ ժողովուրդին մասնակցութեան, զոհողութիւններուն եւ կորուստներուն յիշատակութիւնները դժբախտաբար կը մնան ոչ ամբողջական եւ համեմատաբար համեստ:
Այս օրերուն, երբ պատմութեան կեղծարարները կը խեղաթիւրեն , իւրովի կը մեկնաբանեն ճշմարտութիւնները, մեր պատմագէտներուն պարտականութիւնն է շեշտել՝ պատերազմին ողբերգութիւններէն մէկն էր նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ ազատ ու անկաշկանդ Ցեղասպանութիւնը: Նոյնքան եւ կարեւոր է արժեւորել Դաշնակից պետութիւններու կողքին մեր ժողովուրդի զաւակներուն անշահախնդիր մասնակցութիւնը:
Համաշխարհային պատերազմը հայ ժողովուրդին մէջ արթնցուց ռուսական բանակին օգնութեամբ Արեւմտահայաստանը թրքական լուծէն ազատագրելու, պետականութիւն վերականգնելու յոյս: Ռուսական բանակ զօրակոչուեցան աւելի քան քառորդ միլիոն հայեր: Պատմութեան մէջ հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով հայ ժողովուրդը այսքան մեծ տարողութեամբ մարդ կը զօրակոչէր ռուսական բանակ: Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդին եւ ցարական Ռուսիոյ իշխանութիւններուն միջեւ բանակցութիւններուն լոյսին տակ ստեղծուեցան հայկական կամաւորական եօթ ջոկատներ: Ընդհանուրը՝ վեց հազար կամաւոր: Այս թիւը առնուազն կրնար կրկնապատկուիլ, եթէ ռուսական իշխանութիւնները արտօնէին… : Մեծագոյն ջոկատը Առաջինն էր, զօրավար Անդրանիկի հրամանատարութեամբ: Ֆրանսական եւ բրիտանական զօրքերու մէջ կը կռուէին աւելի քան յիսուն հազար հայեր: Հայկական ջոկատները հերոսական մասնակցութիւն ունեցան Կովկասեան ճակատի ճակատամարտերուն: Թուրքիա եւս առաջարկեց հայկական կամաւորական գունդեր կազմել, սակայն հայ քաղաքական գործիչներ մերժեցին:
Արխիւային տուեալները կը վկայեն՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած է քսան եւ ինը հայ զօրավար: Թուրքիա կը ձգտէր Արեւելեան Հայաստանի ճանապարհով թափանցել Կովկաս, Փոքր Ասիա եւ իրականացնել Փանթուրքիզմի ծրագիրը: Թուրքիոյ կովկասեան բանակը արագ յաղթանակի հասնելու նպատակով անակնկալ յարձակում մը կատարեց ռուսական զօրքերուն վրայ: Սակայն, պատերազմի նախարար Էնվերի գլխաւորած երկու հարիւր հազար հաշուող թրքական բանակը ծանր պարտութիւն մը կրեց Սարիղամիշի մէջ: Այս յաղթանակին շնորհիւ կանխուեցաւ թրքական յառաջխաղացը դէպի Կովկաս:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւններ համոզուած էին, որ Դաշնակիցներու յաղթանակը, առաւել եւս Կովկասեան ճակատի վրայ ռուսական բանակի յաղթանակը անպայմանօրէն իրականութեան պիտի վերածէր ազատ պետականութիւն ունենալու մեր ժողովուրդին դարաւոր երազը: Այս առիթով, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ Դաշնակիցներուն կողքին պատերազմին մասնակցելու, Արմենական Կուսակցութեան հիմնադիր Մկրտիչ Փորթուգալեանի գրիչով, «Արմենիա» թերթին մէջ լոյս տեսած հետեւեալ կոչը.« Ով որ հայ է, ով որ հայու անուն, հայու արիւն կը կրէ, ինչ կուսակցութեան ալ կը պատկանի, իր պարտքը պիտի համարէ համերաշխութեամբ մասնակցիլ այս գործին, որ ընդհանուր հայութեան գործն է, ընդհանուր հայութեան պարտքն է: Թուրքահայաստանը ոչ այս, ոչ այն կուսակցութեան կը պատկանի,այլ ընդհանուր հայութեան,անոր օգտին համար չաշխատողը ոչ թէ այս կամ այն կուսակցութենէ դուրս,այլ հայութենէ դուրս պէտք է համարը զինքը»: Գրեթէ նոյն դիրքերէն հանդէս եկան հայ քաղաքական մտքի մնացեալ ղեկավարները,որոնց մէջ՝ Արշակ Չոպանեանը:
Այո, հայ ժողովուրդը գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, մարտնչելով գրեթէ բոլոր ճակատներուն վրայ: Դաշնակից պետութիւնները օրին խոստացան բաւարարել ազատ պետականութիւն ունենալու մեր պահանջները, բայց զանազան պատճառաբանութիւններով եւ լարախաղացութիւններով՝ հրաժարեցան իրենց խոստումներէն..:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ