ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Ես փոխանորդ եմ եւ թուղթ ունիմ կառավարութեան կողմէ»։
Ըստ «araratnews.am»ի՝ Աթէշեան անդրադարձած է իր հասցէին ուղղուած մեղադրանքներուն՝ անամօթաբար ըսելով. «Այս ութ տարուան մէջ ոչ ոք գրեց իմ յաջողութիւններուն մասին: Միայն կ՛ըսեն՝ Աթէշեան Էրտողանի եղբայրն է: Պատիւ կը զգամ անոր համար: Եթէ ես երկրի նախագահին, վարչապետին հետ լաւ եմ, ապա իմ համայնքին համա՛ր է որ լաւ եմ անոնց հետ», ըսած է սրբազանը:
Արամ Աթէշեան նաեւ թուարկած է, թէ ինչե՛ր ըրած է պոլսահայութեան համար՝ ըսելով. «Քանի մը քանդուած եկեղեցիներ վերանորոգել տուած եմ, հայկական համայնքին մէջ երեխաներու կրթութեան հարցը լուծած եմ: Ինծի կ՛ընդառաջեն թրքական իշխանութիւնները»:
Եթէ ինք համայնքին ծառայած է, «ապա ինչո՞ւ այդ մէկը չգնահատուեցաւ համայնքին կողմէ» հարցումին՝ Աթէշեան համաձայն չէ գտնուած եւ պնդած է. «Բոլո՛րը գնահատեցին, բայց որոշ հոգեւորականներ չգնահատեցին իմ աշխատանքը»:
Ըստ Աթէշեանի՝ այսօր պոլսահայ համայնքը երեք թեւի բաժնուած է՝ Գարեգին արք. Պէքճեանի, Սահակ եպս. Մաշալեանի եւ Աթէշեանի կողմնակիցներ:
Ի վերջոյ, ան յայտնած է, թէ քանի դեռ Թուրքիոյ իշխանութիւնը կ՛ըսէ, որ կարելի չէ առանց իր համաձայնութեան փոխանորդ ընտրել, Պէքճեան պէտք է հեռանայ եւ նոր ընտրութիւններ պէտք է կատարուին՝ նոր փոխանորդի մը համար։
Իսկ այն հարցումին, թէ կ՛ուզէ՞ արդեօք պատրիարք դառնակ, Աթէշեան յստակ պատասխան չէ տուած: