Կազմակերպութեամբ «Պատկեր» կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ «Նկարներ` Պուրճ Համուտէն» նիւթով Պուրճ Համուտի նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` մասնակցութեամբ ԱԼՊԱ համալսարանէն 25 ուսանողներու, որոնք ներկայացուցած էին Պուրճ Համուտի առօրեան, ներկայութեամբ հայ թէ օտար արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութեան: Ուսանողներու խումբը կը գլխաւորէր ԱԼՊԱ-ի լուսանկարչութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ժիլպեր Հաժ:
Այս առիթով, «Պատկեր» կեդրոնի պատասխանատու Արփի Մանկասարեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ ամէն տարի ԱԼՊԱ համալսարանը Լիբանանէն շրջան մը կ՛ընտրէ եւ այս տարի Պուրճ Համուտն էր, ուր ուսանողները չորս օր շրջանին մէջ ծանօթացած են Պուրճ Համուտի դիմագիծին, բնակիչներուն, արհեստներուն, դպրոցներուն եւ գործատեղիներուն: Մանկասարեան ըսաւ, որ ուսանողները ամէնօրեայ դրութեամբ «Պատկեր» կեդրոնին մէջ կը հաւաքուէին, իրենց դասախօսէն նկատողութիւններ եւ թելադրութիւններ կը ստանային, ապա գործի կը լծուէին, մթնոլորտ մը, որ շատ հաճելի էր ու տպաւորիչ:
Յայտնենք, որ 25 ուսանողները ցուցասրահին մէջ ցուցադրած են 51 լուսանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը, եղանակը, իմաստն ու դիմագիծը: Լուսանկարներուն ընդմէջէն ներկայացուած են Պուրճ Համուտէն արհեստաւորներ, աշակերտներ, արուեստագէտներ, շէնքեր, պողոտաներ` իրենց յատուկ գունաւորումներով: Ցուցահանդէսին գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն սաքսոֆոնով ելոյթ ունեցաւ Րաֆֆի Թորոսեան:
Պուրճ Համուտի նուիրուած լուսանկարներուն ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 27 Ապրիլ 2013: