Ինչպէս գրած էինք մեր նախորդ թիւով, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի այս տարուան ընթրիքին պատուոյ հիւրն էր թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ։ Երեկոյթի ընթացքին ան պարգեւատրուեցաւ CCAF-ի «Արիութեան շքանշանով» եւ այդ առթիւ ալ ան արտասանեց կուռ, շատ տպաւորիչ ճառ մը անգլերէնով, որու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը,– թերթիկի ձեւով,– տրամադրութեանը տակ դրուած էր երեկոյթի բոլոր մասնակիցներուն։
Ստորեւ Աքչամի նշեալ ճառը՝ թարգմանաբար.-
Պարոն նախագահ Մաքրոն,
Յարգելի հիւրեր,
Նախ եւ առաջ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել կազմակերպիչներուն, որոնք զիս հրաւիրեցին այնքա՜ն կարեւոր այս ընդունելութեան, ապա նաեւ այնքա՜ն խորհրդանշական պարգեւին համար, զոր ինծի կը շնորհէք այս իրիկուն։
Ասիկա ոչ միայն մեծ պատիւ է ինծի համար, այլ նաեւ՝ կեանքիս մէջ անկիւնադարձ մը։
Ձեզ կը վստահեցնեմ՝ ամենայն խոնարհութեամբ, բայց նաեւ որոշ անհանգստութեամբ, որ ամբողջովին արժանի չեմ անոր։
Եւ ասիկա կեղծ համեստութեամբ չէ, որ կ՚ըսեմ։ Իմ աշխատասիրութիւններուս մէջ յատուկ ոչինչ կայ այս պարգեւին արժանի եւ վստահ եմ՝ ձեր մէջ շատեր գիտեն, թէ ինչի՛ մասին կը խօսիմ։ Իմ հետազօտական աշխատանքներս ոչինչ ունին ուշագրաւ կամ արտակարգ։ Իմ հետազօտութիւնս գրեթէ հասարակ է, ձանձնացուցիչ ըլլալու աստիճան։ Կը փորձեմ ըսել միայն ու միայն ճշմարտութիւնը… ա՛յդքան։
Ճշմարտութիւնը ըսելը՝ այսքան արտակարգ դրուատանքներու արժանի արարք մը չէ եւ պէտք չէ որ ալ ըլլայ։
Բայց ենթադրենք, թէ այդպէս է՝ արժանի է։ Ուրեմն, ինչո՞ւ ես հոս եմ այս իրիկուն։ Եւ ինչո՞ւ իմ նկատմամբ կը ցուցաբերէք այս հիացումը եւ այնքան կարեւորութիւն կ՚ընծայէք ճշմարտութեան։
Հեգնական երեւոյթ է, բայց իմ հոս ըլլալու պատճառը թրքական կառավարութիւնն է եւ անոր ուրացման քաղաքականութիւնը։ Թուրքիոյ ժխտողական եւ հետզհետէ անհեթեթ երկարամեայ քաղաքականութեան դիմաց՝ հասարակ արարք մըն է իմս, որ կը կայանայ պարզապէս ճշմարտութիւնը ըսելու մէջ եւ կ՚արժանանայ հանրային նշումի ու պարգեւի…։
Հարցը հետեւեալն է ուրեմն. ի՞նչ պէտք է ընենք, որ ճշմարտութիւնը ըսելը ի վերջոյ դառնայ պարզ բան մը եւ ուրիշ ոչինչ, քան՝ բնական արարք մը, որ այլեւս հարկ չըլլայ արժանի նկատել որեւէ պարգեւի։
Բայց եւ այնպէս գիտեմ՝ որ այդքան ալ պարզ չէ։ Եթէ ծագումով Թուրքիայէն էք՝ ճշմարտութիւնը ըսելը շատ սուղ կ՚արժէ յաճախ, երբեմն ձեր կեանքի գինով կը վճարէք։
Շատ սիրելի բարեկամս Հրանդ Տինք այդ պատճառով սպանուեցաւ։
Հրանդ կ՚ուզէր շատ պարզ եւ անվնաս բաներ միայն։ Կ՚ուզէր, որ պատմական ճշմարտութիւնները գիտցուին ու ճանաչում գտնեն, եւ իբր Թուրքիոյ քաղաքացի Հայ, առանց կասկածանքի կարենար իր հարազատ երկրին մէջ ինք եւս վայելել իրաւական եւ քաղաքացիական այն իրաւունքները, զորս կը վայելեն միւս քաղաքացիները։ Հրանդ նաեւ կ՚երազէր, որ օր մը փուլ գան երկու երկիրներուն՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի,– Թուրքերու եւ Հայերու,– միջեւ վերապահութեան եւ ատելութեան պատերը եւ հասարակաց սահմանը բացուի, երկու երկիրները գոյակցին որպէս բարեկամ եւ դրացի։
Որպէս Հրանդի մտերիմ բարեկամ՝ բազմաթիւ անգամներ ես ինծի հարց տուած եմ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել անոր տեսլականը իրականութիւն դարձնելու համար։
Հրանդ պայքար մղեց խաւարին դէմ։ Իր ազգը շղարշով մը պատելու եւ ժողովուրդին տեսիլքը պղտորելու նպատակով՝ Թուրքիոյ հարիւրամեայ ժխտողական քաղաքականութիւններուն գրգռած խաւարը։ Բայց ուրացման այդ քաղաքականութիւնները ոչ միայն կուրցուցին աչքերը, այլ նաեւ քարացուցին սրտերը։ Հրանդի ըրածը կը կայանար ուրացման այդ պատին մէջ փոքր անցք մը ստեղծելու մէջ, ճեղք մը, որու ընդմէջէն լոյսի ճառագայթները պիտի հասնէին աչքերուն եւ փակ սրտերուն։
Եւ հոդ է, որ գտայ պատասխանը հարցումիս։ Իմ պարտականութիւնը,– որուն ամբողջովին նուիրուած եմ,– ընդարձակե՛լն է այդ ճեղքը եւ միշտ աւելի ու աւելի լոյսի թափանցումը ապահովելը։ Ես զիս պարտաւոր կը զգամ պայքարելու Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ, որ պատած է Թուրքիան եւ կ՚աղօտէ Հրանդ Տինքի սպանութեան մանրամասնութիւնները։ Ցեղասպանութեան ուրացման շուրջ կը տիրէ սխալ երկու ընկալում. սխալ ընկալումներ, որոնք լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծեն ուրացման դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ անոր վերայայտնութեան կանխարգիլման գործընթացին մէջ։ Առաջինը, զանգուածային ոճիրներու դաժանութեան նկատմամբ՝ ուրացումը յաճախ կ՚ընկալուի որպէս գաղափարախօսական ընդունելի դիրքորոշում։ Երկրորդ սխալ ընկալումը սերտօրէն առնչուած է առաջինին. կ՚ենթադրէ, որ ուրացումին հետ առերեսիլը լոկ «բարոյական» նախաձեռնութիւն է տուեալ ոճիրին նկատմամբ, որ արդէն շատոնց կորսուած-գացած է Պատմութեան էջերուն մէջ եւ թէ այդ ոճիրին եւ ներկայի միջեւ որեւէ կապի հաստատում անկարելի է։ Այս սխալ ընկալումներէն ալ յառաջ կու գայ տրամաբանական հետեւանք մը, որ ես կը կոչեմ ժամանակային շերտաւորում։ Այդ կը նշանակէ՝ անցեալն ու ներկան տարբեր դասակարգերու մէջ տեղաւորելու եւ անոնց միջյարաբերութիւնը անտեսելու հակում։ Իրականութեան մէջ, ուրացման եւ ներկայի քաղաքական խնդիրներուն միջեւ կապերը շատ հզօր են եւ պարզապէս անկարելի է զանոնք տարանջատել։
Ասիկա բան մըն է, որ եւրոպացի եւ հիւսիսամերիկացի քաղաքական դէմքերէն շատեր չեն հասկնար։ Եւ այդ պատճառով է, որ արեւմտեան պետութիւններէն շատեր կ՚ողջունեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, բայց միւս կողմէն իրենց առեւտրական յարաբերութիւնները կը շարունակեն Թուրքիոյ հետ։ Այս երեւոյթը ինծի քիչ մը կը յիշեցնէ մաֆիայի «հայրիկ»-ները, որոնք ամէն Կիրակի եկեղեցի կ՚երթան, անկեղծօրէն զղջում կը յայտնեն իրենց մեղքերուն համար, բայց երբ աղօթավայրէն դուրս կ՚ելլեն՝ կը վերսկսին իրենց ոճրային գործունէութիւնները։ Ասիկա կեղծաւոր կեցուածք մը չէ միայն։ Սխա՛լ մըն է եւ պէ՛տք է սրբագրուի։
Ուրացումը՝ անցեալի նկատմամբ գաղափարախօսական դիրքորոշում մը չէ միայն, ինչպէս որ պատմական ոճիրներու ճանաչման պահանջը՝ անցեալի դէպքերու նկատմամբ բարոյական մօտեցումի մը արտայայտութիւնը չէ միայն։
Ուրացումը կառոյց մըն է, որ կարելի չէ առնչել միայն երէկուան դաժանութիւններուն հետ։ Ժխտողական կառոյցը արտադրած է պետական իսկական քաղաքականութիւններ եւ այսօր ալ կը շարունակէ նպաստել նման քաղաքականութիւններու արտադրութեան։
Այս առումով՝ ճիշդ եւ տեղին պիտի ըլլար բաղդատել Թուրքիոյ ուրացումը՝ Հարաւային Ափրիկէի ափարթիյտ ցեղապաշտական վարչաձեւին հետ։ Ափարթիյտի համակարգը, մտայնութիւնը եւ հիմնարկութիւնները կառուցուած են ցեղային տարբերութիւններու հիման վրայ։ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումն ալ կը պարզէ նման արմատներ։ Հիմնուած է ցեղային-կրօնական փոքրամասնութեանց նկատմամբ խտրականութեանց, ընկերութենէն անոնց արտաքսման սկզբունքներուն վրայ եւ կ՚ընկալէ, որ անոնց ժողովրդավարական պահանջները սպառնալիք մըն են ազգային ապահովութեան համար, զոր պէտք է ջնջել։ Եւ այսօր եթէ Թուրքիոյ չի կրնար լուծել ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւանց ներքին հարցերը եւ իր դրացիներուն հետ յարձակողական արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ատոր գլխաւոր պատճառներէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը։
Ուրացման վերջ տալը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ գործելը՝ լոկ ադադեմական դատողութիւն մը չէ, ոչ ալ պարզապէս պատմական դէպքի մը նկատմամբ «բարոյական» մօտեցման հարց։ Ան, նախ եւ առաջ այն անշրջանցելի պայմանն է ռէալփոլիթիքին, որ պէտք է գործադրուի Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս ցեղասպանութիւնը ճանչնալը կենսական է Թուրքիոյ համար, քանի որ այդ ճանաչումը անհրաժեշտ է ժողովրդավարական եւ ազատ ընկերութեան մը զարգացման, ուր վարչակարգը ստիպուած է ճանչնալու նաեւ իր քաղաքացիներուն քաղաքացիական իրաւունքները։
Իր նախորդին՝ Օսմանեան կայսրութեան ոճիրներուն Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը նախնական պայման է, որ իր ժողովուրդը կարենայ ապրիլ խաղաղօրէն եւ հանգիստ, ոչ միայն մէկը միւսին հետ, այլ նաեւ՝ տարածաշրջանի միւս ժողովուրդներուն հետ։ Այնքան ատեն, որ Թուրքերը պիտի շարունակեն ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, շրջանի միւս՝ արաբ, քիւրտ, քրիստոնեայ կամ այլ ժողովուրդները պիտի շարունակեն զանոնք տեսնել որպէս անուղղելի եւ կարողական հեղինակները ցեղային նոր մաքրագործումներու։ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնները կը շարունակեն մնալ յստակ ու բացայայտ սպառնալիք՝ տարածաշրջանի ապահովութեան համար։
Եթէ իսկապէս կ՚ուզենք տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, եթէ իսկապէս կ՚ուզենք, որ ժողովրդավարութիւնը յառաջդիմէ Թուրքիոյ մէջ, եթէ կ՚ուզենք, որ Թուրքիա եւ Հայաստան բարեկամական եւ բարիդրացնական յարաբերութիւններ ունենան, եթէ կ՚ուզենք, որ Հայերը եւ մահմետական Թուրքերը իրարու հաւասար քաղաքացիի իրաւունքներով ապրին, եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ եթէ կը յուսանք տեսնել Թուրքիա մը, ուր Հրանդ Տինքերը չեն սպանուիր փողոցներուն մէջ, ուրեմն ուրացման դէմ այս պայքարը պէտք է բարձրացնենք,– ինչպէս այժմէական բազմաթիւ այլ հարցեր,– ներկայի քաղաքական կարեւորագոյն խնդիրներու մակարդակին։
Ինծի համար, ձեր շնորհած յատուկ պարգեւին արժէքը ասոր մէջ է որ կը կայանայ՝ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան եւ ընդդէմ ուրացման մղուած պայքարին նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ։ Ասիկա միակ միջոցն է յարգելու զոհերը, ձերբազատելու անուրէն եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովելու ժողովրդավար եւ խաղաղ ապագայ մը։
Խորապէս պատւուած կը զգամ, երախտագէտ եմ, որ զիս արժանի նկատեցիք այս պարգեւին։ Շնորհակալութիւն։
ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ –«Նոր Յառաջ» երկօրեայի 4 Փետրուար թիւին (1439) քաղուածքը