ՊԵՏԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Դարեր շարունակ հեթանոսութիւնը եղած է Հայաստանի մէջ տիրապետող գլխաւոր կրօնքը, սակայն Քրիստոէնութիւնը արդէն մուտք գործած էր Հայաստանէն ներս նախքան 4-րդ դարը: Իր կարգին Հայոց Առաքելական Եկեղեցին իր արմատները կը վերագրէ Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմիէոս Առաքեալներուն:
Հայաստանի Հեթանոսութենէ Քրիստոնէութիւն անցումը այնպէս դիւրին եւ հեզասահ չընթացաւ ինչպէս որ կը թուի շատերուս, այլ շարունակուեցան հակամարտութիւններ ու պայքարներ Քրիստոնէաներու եւ հեթանոսներու միջեւ մինչեւ 5-րդ դարու սկիզբները: Բոլորիս ծանօթ է որ Հայաստանը արդէն պաշտօնապէս Քրիստոնէութիւնը ընդունեց 4-րդ դարուն մասնաւորաբար 301 թուականին Տրդատ Գ. Արշակունի Թագաւորի օրով, գլխաւորութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին: Այս անկիւնադարձային դէպքը պատահեցաւ նախքան Հռոմէական Կայսրութեան Քրիստոնէութիւնը ընդունումը որպէս պաշտօնական կրօնք՝ 312-313 թուին:
Քրիստնոէութիւնը պաշտօնապէս ընդունելէ ետք, 4-րդ դարու պատմաբան Ագաթանգեղոս «Պատմութիւն Հայոց» գիրքին մէջ արձանագրած է թէ Տրդատ Թագաւորը հրովարտակով մը հրամայած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին քանդել տալ իրենց նախահայրերուն չաստուածները: Ան իր բանակով կ’ուղղուի դէպի Արտաշատ քաղաքը, ուր կը գտնուէր Անահիտ չաստուածուհիին արձանը եւ կը քանդէ զայն: Նշմարելի է որ Տրդատ թագաւորը որ անցեալին եղած էր հեթանոսութեան պաշտպանը ինքը անձնապէս կը լծուի Քրիստոնէութեան տարածման աշխատանքին: Միւս կողմէ տակաւին հեթանոսութիւնը տարածուած էր հայ ժողովուրդին մօտ եւ անոնք կը դիմադրեն Տրդատի զօրքերուն, որոնք եկած էին քանդելու այդ արձանը: Սակայն հետաքրքրական կարելի է նկատել որ ըստ Ագաթանգեղոսի, Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Հռոմէական Կայսրութեան մէջ կը տարածուէր հեթանոսական տաճառներուն մէջ մնացած արժէքաւոր իրերն ու գանձերը նուիրելով պարզ աղքատ ժողովուրդին, որոնք անմիջապէս Քրիստոնեայ կը դառնային:
Միեւնոյն ժամանակ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կարեւոր դեր խաղցած էր Քրիստոնէութեան տարածման գործընթացին մէջ քանդելով Վահագնի եւ Աստղիկի արձանները, որոնք հեթանոսութեան հիմնական երեւոյթները կը հանդիսանային Հայաստանի մէջ: 330 թուականին Խոսրով Կոտայկ թագաւորը յաջորդեց իր հօր Տրդատին, որուն ժամանակաշրջանին շարունակուեցաւ Քրիստոնէութիւնը ալ աւելի տարածուիլ Հայաստանէն ներս: Այս ժամանակաշրջանին արդէն Հայոց Պատրիարք նշանակուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին Վրդանէսը, որուն կ’ուզէին սպաննել հայ հեթանոսները: Այս հակամարտութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Տիրան Թագաւորի եւ Յուսիկ Կաթողիկոսին միջեւ: Փաւստոս Բիւազնդ 5-րդ դարու պատմաբանը, որմէ մնացած պատմութեան շուրջ կան տարակարծութիւններ եւ կասկածներ, կը նկարագրէ ըսելով թէ Տիրան Թագաւորը շեղած էր Քրիստոնէական սկզբունքներէ եւ անոր կը նմանցնէր հեթանոսներուն: Այս պատճառ դարձած էր որ Յուսիկ Կաթողիկոսը իր կարգին մերժէր որ Հայոց թագաւորը որեւէ առնչութիւն ունենայ հայ եկեղեցւոյ հետ: Պատրիարքի այս արարքը պատճառ դարձաւ որ Տիրան Թագաւորը 346 թուականին ժողովուրդին միջոցով սպաննէ Յուսիկ Կաթողիկոսը:
Փաւստոս Բիւզանդ արձանագրած է թէ յունարէն եւ ասորերէն լեզուներուն տիրապետողներն էին որ իսկական քրիստոնէաներն էին: Այս կարելի է մեկնաբանել այն իմաստով որ Աստուածաշունչը այդ օրերուն վերոյիշեալ լեզուներով գոյութիւն ունէր եւ անհասկնալի էր պարզ ժողովուրդի խաւերուն համար որովհետեւ միմիայն եկեղեցականներն էին որ ստացած էին բարձր կրթութիւն եւ տիրապետած էին այդ լեզուներուն: Ժողովուրդին անուս ըլլալը պատճառ կը դառնար որ անոնք Քրիստոնէութիւնը չ’ընդունէին որպէս իրենց կրօնք:
Պէտք է յիշել որ կային նաեւ հայ ազնուական դասակարգին պատկանող անձեր, որոնք հակադրուած էին Քրիստոնէութիւնը ընդունած Հայաստանին դէմ եւ այդ տեսակէտէն մեկնելով կը համագործակցին Մազտէական կրօնքի հետեւորդ պարսիկներուն հետ ի դէմ Հայաստանի Թագաւոր Արշակ Բ.-ին (350-367): Այս դէմքերէն կարելի է յիշել Մերուժան Արծրունին եւ Վահան Մամիկոնեանը: Փավստոսը կը յիշատակէ թէ այս անձերը վերսկսան քանդել Հայաստանի տարածքին գտնուող եկեղեցիները: Որմէ ետք դարձեալ սկիզբ կ’առնէ եկեղեցիներու կառուցման աշխատանքը Ներսէս Կաթողիկոսին շնորհիւ: Կարելի է նկատել գոյութիւն ունեցող բուռն պայքարը Քրիստոնէութեան եւ Հեթանոսութեան միջեւ: Սակայն Պապ Թագաւորը (367-374) կը շարունակէ հայ եկեղեցւոյ դէմ վայրագ արարքներ իրագործել: Փաւստոսը կը նշէ թէ Պապ Թագաւորը կ’ուզէր սպաննել Ներսէս Կաթողիկոսը սակայն կը սարսափէր գործադրել իր այդ ծրագիրը մտահոգուելով թէ կրնայ ժողովուրդը եւ բանակը իր դէմ ելլել: Այս տեղեկութիւնը փաստ մըն է որ արդէն ժողովուրդին մեծ մասը Քրիստոնէութիւնը ընդունած էր եւ այլեւս նոյնը չէր պարագան ինչպէս որ էր Տիրան Թագաւորի օրով երբ ժողովուրդը իր ձեռքով սպաննեց Յուսիկ Պատրիարքին: Սակայն այս անգամ Պապ Թագաւորը թունաւորելով սպաննեց Ներսէս Կաթողիկոսին, որուն մահէն ետք Փաւստոսը կը յիշատակէ թէ վերսկսան հեթանոսական չաստուածներու պաշտամունքը թագաւորին հրամանով: Միեւնոյն ժամանակ Հայոց Եկեղեցին կորսնցուց իր հարստութեան մեծ մասը Պապ Թագաւորի ժամանակաշրջանին:
Այս երկար վերիվայրումներէն ետք, 5-րդ դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը 404-405 թուականին կատարեց գիրերու գիւտը Հայոց Վռամշապուհ Թագաւորի եւ Ս. Սահակ Կաթողիկոսի նեցուկով: Այս ձեւով ալ աւելի եւս ամրապնդուեցաւ Քրիստոնէութիւնը Հայաստանէն ներս Ս. Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, որ մինչեւ այդ օրերը գոյութիւն ունէր յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով: Հայոց Լեզուն միջոց մը հանդիսացաւ միասնականութիւն ստեղծելու Հայաստանի տարբեր մասերուն միջեւ որոնք արդէն 387 թուականին բաժնուած էին Պարսկական եւ Հռոմէական Կայսրութեանց միջեւ:
Կ’ուզեմ եզրափակել ըսելով որ մինչեւ 5-րդ դարը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող երկար պայքարներէ եւ ցաւալի դէպքերէ ետք Քրիստոնէութիւնը դարձաւ Հայոց Աշխարհի պաշտօնական կրօնքը: Հայոց Գիրերն են որ մինչեւ օրս ալ կարեւոր դեր կը խաղան հայկական ինքնութիւնն ու հայ ժողովուրդի յարատեւ գոյութիւնը ապահովելու մէջ:
Օգտագործուած Աղբիւրներ՝
Ռոպէրթ Թոմսոն-Ագաթանգեղոս, Վահան Քիւրքճեան- A History of Armenia, Նինա Կարսոեան-Փաւստոս Բիւզանդ