ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ -ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Ահաւասիկ երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, Պարոն Երուանդ Փամպուքեանի հեղինակութեամբ լոյս աշխարհ եկաւ խիստ շահեկան աշխատասիրութիւն մը՝ “Հ.Յ.Դ. ծածկանուններու բառարան”ը (“Վէմ”ի մատենաշար, թիւ 5), որ կ’ընդգրկէ Հ.Յ.Դ. գործունէութեան առաջին տարիներէն մինչեւ 1930-ական թուականներու ժամանակահատուածին մէջ ինկող գործիչներու, հրապարակագիրներու, հայդուկներու ծածկանունները (նաեւ ոչ-դաշնակցական գործիչներու, որոնք առաւել կամ նուազ չափով առնչուած են Հ.Յ.Դ.ի հետ), ինչպէս նաեւ անոնց գործելադաշտին մէջ գտնուող պատմական տեղանուններու ծածկանունները։ Հետաքրքրական բաժին մը կը կազմեն նաեւ գիրքի վերջաւորութեան գաղտնի նամակներու համար օգտագործուած մօտ 30 թուանշային ծածկագիրները։
***
Պատիւ կը համարեմ աշխատակցութեան բաժին մը բերած ըլլալուս համար, որովհետեւ այս “բառարանը” (որուն ձեռագիր առաջին օրինակը գրաշարելու սկսած էի դեռեւս 2006 թուականէն սկսեալ) ուղեկից դարձաւ իմ ամէնօրեայ գործիս։
Տարիներու ընթացքին փոփոխութիւններով, յաւելումներով եւ ճշգրտումներով հարստացած՝ ահաւասիկ իր վերջնական տեսքով այսօր ան կը ներկայանայ ընթերցասէր հանրութեան։ Խիստ անհրաժեշտ աշխատասիրութիւն մը, մա՛նաւանդ Հ.Յ.Դ. պատմութեամբ հետաքրքրուող պատմաբաններու եւ ապագայ ուսումնասիրողներու համար։
Լայն փորձառութիւններ ձեռք ձգելով մէկտեղ, հպարտ եւ երջանիկ եմ նաեւ, որ իմ ներդրումս գնահատուեցաւ նոյնինքն գիրքի հեղինակ պարոն Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ։
Ձեր վարձքը կատար, պարոն Փամպուքեան, կը շնորհաւորեմ այս յաղթանակը եւ կը ցանկամ ձեր յաջորդ աշխատանքը՝ Անդրանիկի նամակները հրատարակուած տեսնել։