Խրիմեան Հայրիկ` Վասպուրականի Առաջնորդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Ահաւոր Սով Եւ Սովելոց Յանձնաժողով
Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ժամանակ, հայկական գաւառները պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ հանդիսացած էին: Թրքական զօրք ու պաշըպոզուքներ թալանի եւ աւերածութեան մատնած էին հայկական գիւղերը: 1877-ի աշնան եւ 1878-ի գարնան եւ աշնան, ինչպէս նաեւ 1878-ի գարնան շատ տեղեր ցանք չէր եղած: Իսկ 1879-ի ամրան երաշտը չորցուց բուսականութիւնը:
Աշնան (1879-ին) սկսաւ ահաւոր սով մը, յատկապէս` Կարնոյ եւ Վասպուրականի գաւառներուն մէջ: Սովը օրըստօրէ սաստկացաւ եւ ահաւոր համեմատութիւններ ստացաւ:
Գաւառներէն խլեակներ կը հասնէին Պոլիս եւ ահաւոր գոյներով կը պատկերէին գաւառներուն վիճակը:
Պոլսոյ մէջ պատրիարք եւ Ազգային ժողով ցնցուած էին: Սովեալներու համար հանգանակութիւններ սկսան եւ օժանդակութիւններ ղրկուեցան գաւառներ:
* * *
Իբրեւ Վանի առաջնորդ 1872-ին Պօղոս եպիսկոպոսին յաջորդած էր Գրիգորիս եպիսկոպոս Աղուանեան, որ իր կարգին 1874-ին հրաժարած էր եւ իբրեւ փոխանորդ անոր յաջորդած էր Լիմ անապատի միաբան Թադէոս վարդապետ: Իսկ 1875-ին Վանի առաջնորդ ընտրուած էր Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանց:
Պոլսոյ մէջ 1876 ապրիլին հիմնուած Արարատեան ընկերութեան կրթական ներկայացուցիչ Մկրտիչ Փորթուգալեան նոյն տարուան հոկտեմբերին Վան հասնելով Թիմարի շրջանի Ալիւր գիւղին մէջ դպրոց բացած էր ընկերութեան տրամադրած միջոցներով:
Փորթուգալեան 1878-ի աշնան Վան փոխադրուեցաւ եւ 1 յունուար 1879-ին պաշտօնական հանդէսով մը Վանի Վարժապետանոցին բացումը կատարեց: Վարժապետանոցը վերածնութեան կեդրոն մը դարձաւ հայ աշխարհին համար:
Վանեցի քանի մը տասնեակ երիտասարդներ 1878-ի վերջաւորութեան միանալով Սեւ խաչ անունով կազմակերպութիւն մը հիմնեցին, նպատակ ունենալով «ժողովուրդի մէջ ինքնապաշտպանութեան ոգին տարածել, իրաւանց տէր ընել եւ իբր մարդ ապրիլ»: Սեւ խաչ մակդիրը կը նշանակէր` կազմակերպութեան «դաւաճան եւ անգաղտնապահ ընկերի անուան վրայ սեւ խաչ քաշելով, իսկոյն եւեթ մահուան դատապարտել»:
Վանի առաջնորդ Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանց Տէր Սարգսենց, բանահաւաք եւ բանասէր, 1879-ի աշնան հրաժարեցաւ առաջնորդութենէն:
Վանի թեմի գաւառական ժողովը 1879-ի աշնան առաջնորդ ընտրեց Խրիմեան Հայրիկը: Պատրիարքարանը հաստատեց ընտրութիւնը:
Պատրիարքարանը Վանի նորընտիր առաջնորդին հրահանգեց կազմել Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողով մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար օգնութիւն ցոյց տալ սովեալներուն:
Պատրիարքարանը նաեւ որոշեց իր կողմէ ներկայացուցիչ մը ղրկել Վան, սովելոց յանձնաժողովին մէջ գործելու եւ Խրիմեան Հայրիկի աջակցելու համար:
Ազգային բարերար Սերովբէ Կիւլպէնկեան առաջարկեց, որ իր առեւտրական տան պաշտօնեայ Քերովբէ Գույումճեան միանայ Հայրիկի եւ Վան երթայ սովելոց յանձնաժողովին մէջ գործելու համար: Առաջարկը ընդունուեցաւ:
* * *
Խրիմեան Հայրիկ 1879-ի նոյեմբերին Պոլիսէն նաւ նստաւ եւ քանի մը օրուան ճանապարհորդութենէ ետք Տրապիզոն ցամաք ելաւ:
Տրապիզոնէն Հայրիկ ուղղուեցաւ Կարին: Կարինէն անդին, ամէնուրեք, սրտաճմլիկ տեսարաններ կը պարզուէին: Սոված եւ տանջուած բազմութիւններ կը դիմաւորէին Հայրիկը եւ «Հա՜ց-հա՜ց» կ՛աղաղակէին:
Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 1879-ը ցրտաշունչ եւ անձրեւոտ օր մըն էր, երբ Հայրիկ կը հասնէր Վան:
Հրաժարեալ առաջնորդ Երեմիա եպիսկոպոս եւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներ մինչեւ Աւանց գիւղը դիմաւորելու գացին նորընտիր առաջնորդը:
Աւանց հասան նաեւ պետութեան ներկայացուցիչ Ալայ բէկ, Թաբուր աղասին, Վանի ոստիկանապետը, ոստիկան զօրաց ձիաւոր պահակախումբը, Ռուսիոյ հիւպատոս Կոստանդին Կամսարականի թարգման Միքայէլ Սրուանձտեան եւ Անգլիոյ հիւպատոս Քլէյթընի թարգման Միհրան Պաղտասարեան:
Վանէն մինչեւ Աւանց ճամբուն վրայ ժողովուրդը խռնուած էր եւ ձիւնախառն անձրեւի տակ կանգնած` Հայրիկի ժամանման կը սպասէր:
Հայրիկ շքախումբով շրջապատուած հասաւ Աւանց եւ «կեցցէ»-ներով ու ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ:
Առաջնորդանիստ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ զանգերը ուժգնօրէն կը ղօղանջէին եւ կ՛աւետէին ընտրեալ առաջնորդին գալուստը:
Հանդիսաւոր շքերթը Աւանցէն ուղղուեցաւ Վան եւ հասաւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դրան առջեւ: Պետական պաշտօնեաներ եւ ոստիկաններ պատուոյ ողջոյնով դիմաւորեցին հայոց առաջնորդը:
Դպրաց դասը, թափօր կազմած, ընդառաջ գնաց Հայրիկի եւ «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ զայն առաջնորդեց եկեղեցի, որ արդէն բերնէ բերան լեցուած էր ժողովուրդով:
Քանի մը վայրկեան հանգստանալէ ետք Հայրիկ սեղան բարձրացաւ եւ յուզուած ու լալագին ձայնով խօսեցաւ:
– «Իմ սիրելի Վասպուրականի ժողովուրդ: Օրհնեա՜լ է Գրիգորի, Ներսէսի եւ Սահակայ Աստուած, որ անարժանիս նորէն արժանի արաց համբուրել իմ հայրենի տաճարներ եւ սրբութիւններ, տեսնել իմ սիրելի հայրենակիցներ, որոց համար կարօտամաշ եղայ պանդխտութեանս երկար տարիներու մէջ: Սիրելի՛ ժողովուրդ, քեզ հետ պիտի ապրիմ այլեւս, քեզ հետ պիտի շնչեմ հայրենիքիս կենսատու օդ. ո՜հ պիտի երթամ իմ սիրած բոյն, Վարագայ վանքը, եւ հոն պիտի ապրիմ մինչեւ փչեմ վերջին շունչս: Ժողովուրդ հայոց, եկած եմ որ քո ցաւերով մորմոքիմ, քո ուրախութիւնով բերկրիմ, քեզ հետ լամ, քեզ հետ խնդամ: Գիտէք որ աւերիչ պատերազմը քարուքանդ արաց Հայաստանի շէնն ու աւան, գեղն ու քաղաք: Հարստահարուեր, գաղթեր, կամ կորսուեր է երկրագործ գիւղացին: Մեր աշխարհի լիութեան եւ բարութեան միակ աղբիւր Ցամքեր է, գիւղացին մէջքակոտոր եղած է եւ սովը չոքեր է երկրի մէջ ու մահ կը սպառնայ ամէնքիդ: Սակայն մի՛ վհատիք, այն Աստուած, որ Իսրայէլին երկար տարիներով անապատներու մէջ մանանայով կերակրեց, կարող է եւ ձեզ ազատել պատերազմներու մշտական հետեւանքն եղող այս սպառնալի սովէն:
«Սիրելի՛ ժողովուրդ, օրհնեա՛լ լինիք, շնորհակալ եմ բոլորիդ ցոյց տուած սիրալիր ընդունելութենէն: Այժմ ներող եղէք, որ աւելի չեմ կրնար խօսիլ, Վասպուրականի Արծիւն ծերացեր է, ճանապարհի յոգնութենէն շունչս կը կտրուի: Այսուհետեւ ձեզ հետ եմ եւ շատ ու շատ առիթ կ՛ունենամ ձեզ հետ խօսելու: Դարձեալ կը յորդորեմ զձեզ, որ չյուսահատիք, մեծ է Աստուծոյ զօրութիւնը, ամէն կողմէ շուտով կ՛օգնեն մեզ եւ կ՛անցնին այս դժուարին օրեր: Դէհ, երթայք բարեաւ եւ խաղաղութեամբ թողէք որ ես ալ երթամ եւ հանգչիմ իմ հայրենի տան յարկին տակ»:
Հայրիկ երբ բեմէն վար իջաւ, ժողովուրդը հրելով հրմշտկելով շրջապատեց զայն: Շատեր կ՛ուլային եւ կ՛աշխատէին համբուրել անոր ձեռքերը:
Այնուհետեւ Հայրիկ բարձրացաւ առաջնորդարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական ընդունելութիւն:
Երեկոյեան, ոստիկանական պատուոյ պահակախումբի առաջնորդութեամբ եւ ժողովուրդի ուղեկցութեամբ Հայրիկ Քաղաքամէջէն ձիով ճամբայ ելաւ դէպի Այգեստան: Մինչեւ Յանկոյսներ, փողոցներու մէջ, ժողովուրդը ծափերով, կեցցէներով ու խանդավառ ցոյցերով կը դիմաւորէր իր առաջնորդը:
Մութ էր արդէն, երբ Հայրիկ հասաւ իր հօրենական տունը:
Շաբաթ, 24 նոյեմբերին Հայրիկ Կրօնական եւ Քաղաքական խառն ժողովներու անդամները եւ քաղաքի երեւելի դէմքերը առաջնորդարան հրաւիրեց:
Հայրիկ ժողովականներուն ներկայացուց սովահար ժողովուրդին օրհասական վիճակը եւ առաջարկեց ընտրել մարմին մը, որ սովելոց համար հանգանակութիւն պիտի կազմակերպէ:
Ժողովը սիրով ընդառաջեց առաջարկին եւ ընտրեց Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողովը: Յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Խրիմեան Հայրիկ, ատենապետ` Գէորգ բէկ Գալճեան, ատենադպիր` Սեդրաք Տեւկանց, գանձապահ` Մկրտիչ Մարութեան, անդամներ` Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանց, Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց, Յարութիւն Թերզիպաշեան, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Այազ Այազեան, Ղեւոնդ Թէրլէմէզեան, Քերովբէ Գույումճեան եւ Կարապետ Իսաջանեան: Կազմին վրայ յետոյ աւելցան Յակոբ Պանիրեան, Յովհաննէս Խանճեան, Սարգիս Միրզախանեան եւ Սիմոն Կիւնէշեան:
Սովելոց յանձնաժողովը իսկոյն գործի լծուեցաւ եւ մեծամեծ զոհողութիւններով հանգանակութիւններ սկսաւ կազմակերպել եւ ստանձնեց նպաստի եւ հացի բաշխման աշխատանքները:
* * *
Վան քաղաքէն, ինչպէս նաեւ Շատախէն, Մոկսէն, Ռշտունիքէն, Թիմարէն, Արճակէն, Նորդուզէն, Հայոց Ձորէն եւ Աղբակէն հասնող սովահարներու բազմութիւններ Վանի առաջնորդարանի դուռերուն առջեւ խռնուած «Հա՜ց, հա՜ց» կ՛աղաղակէին:
Սովելոց յանձնաժողովը գերագոյն ջանքեր կը գործադրէր հաց ապահովելու համար: Բայց աղէտը այնքան մեծ եւ համատարած էր, եւ միջոցները այնքան սահմանափակ, որ անհնար էր անխափան նպաստաբաշխում կատարել եւ բաւարարել ժողովուրդին տարրական կարիքները:
Վանի փողոցները լեցուն էին գաւառներէն հասնող սովահարներով: Պատերուն տակ եւ դուռներուն առջեւ հիւանդ, անօթի եւ կիսամեռ պառկած տղամարդիկ, կանայք եւ մանուկներ հաց եւ օգնութիւն կը հայցէին անցորդներէն:
Վան լեցուած էին նաեւ գաւառներէն հասնող սովահար քիւրտեր, որոնք դուռէ դուռ կը մուրային եւ հաց կը խնդրէին:
Հայրիկ երբ փողոցներէն անցնէր, կմախացած կանայք եւ տղամարդիկ, ծերեր ու պատանիներ դժուարաւ ոտքի կը կանգնէին եւ անոր ճամբան կտրելով կ՛աղաղակէին.
– Հայրիկ ջան, արեւիդ կուրբան, պատառ մը խա՜ց: Հայրի՜կ, անուանդ մեռնիմ, մէկ ճար արա, անօթի մեռանք: Հայրի՜կ, զաւակներս հիւանդ են, օգնութի՜ւն:
Հայրիկ կը յուզուէր, ձեռքը գրպանը կը նետէր եւ ունեցած ամբողջ դրամը զինք շրջապատողներուն կը բաժնէր:
Հայրիկէն օգնութիւն կը խնդրէին նաեւ սովահար քիւրտեր եւ լալագին ու աղաղական կ՛ըսէին. «Հայրիկ, հայրիկ, քու բախտն ենք ինկած, հա՜ց, հա՜ց, օգնութիւն»: Հայրիկ սիրով կ՛ընդառաջէր բոլորին:
Յառաջացող ձմրան հետ սովը հետզհետէ սաստկացաւ. ծայր առին համաճարակ հիւանդութիւններ:
Հայրիկ հեռագիրներով ու նամակներով դիմեց Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Պարսկաստանի իր բարեկամներուն եւ ազգայիններու, խնդրելով անմիջական օգնութիւն հասցնել սովահար ժողովուրդին:
Պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով որոշեցին համազգային օգնութիւն կազմակերպել, ժողովուրդը սովամահութենէ փրկելու համար:
Պոլիս, Գատըգիւղի Կիւլպէնկեաններու տան մէջ, 6 յունուար 1880-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնին, խումբ մը ազգայիններ հաւաքուած էին: Այդ հաւաքոյթին Սերովբէ եւ Աբէլ Կիւլպէնկեաններ, Աբիկ Ունճեան, Պօղոս Շաշեան եւ Գրիգոր Նիկոդիմոսեան որոշեցին սովահար ժողովուրդին օգնութիւն ցոյց տալու համար մարմին մը կազմել:
Այսպիսով կազմուեցաւ Հայաստանի սովելոց խնամատար կեդրոնական յանձնաժողովը, որուն անդամներն էին` Սերովբէ Կիւլպէնկեան, Սահակ Ղազարոսեան, Պօղոս Շաշեան, Գաբրիէլ Նորատունկեան, Աբիկ Ունճեան, Գրիգոր Նիկոդիմոսեան, Աբէլ Կիւլպէնկեան եւ Գառնիկ Յովակիմեան:
Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողովը Քերովբէ Գույումճեանը կեդրոնական յանձնաժողովին մօտ ներկայացուցիչ նշանակեց:
Հայաստանի սովելոց խնամատար կեդրոնական յանձնաժողովը ընդհանուր հանգանակութեան ձեռնարկեց Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ եւ օսմանեան պետութեան տարբեր քաղաքներու, Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի գաղութներուն մէջ: Ամբողջ հայութիւնը օգնութեան հասաւ սովեալներուն:
Թիֆլիսէն, Գրիգոր Արծրունի իր «Մշակ» թերթին միջոցով մեծաքանակ գումարներ հանգանակեց եւ ղրկեց կեդրոնական յանձնաժողովին:
Կեդրոնական յանձնաժողովը գաւառներէն սրտաճմլիկ տեղեկութիւններ կը ստանար:
Ալաշկերտէն ղրկուած տեղեկագիր մը կ՛ըսէր. «Ամէն կողմ մահատիպ լռութիւն, ամէն կողմ ամայութիւն, չկայր շարժում մը, ձայն մը, որ կենդանութեան նշոյլ մը տայր:… Ահռելի տեսարաններ կը ներկայանային հետզհետէ. ամէն սեռէ ու տեսակէ անձինք գետնի վրայ տարուած էին, անշարժ, անզգայ, մահուան դալուկն իրենց դէմքն կը պատէր եւ միմիայն նոցա շնչառութեան շշնկոցն կը լսուէր: Ուղեւորութեան ժամանակ շատեր ճանապարհին վրայ կը մնան կիսամեռ կամ դիակնացեալ. գարշահոտութիւն կը տիրէ ամէնուրեք եւ Պայազիտէն մինչեւ Վաղարշակերտ ամբողջ դաշտն ծածկուած է դիակներով: Անձամբ տեսայ շատեր որ յետին շունչ կը փչեն»:
Հայաստանի սովելոց խնամատար կեդրոնական յանձնաժողովը սովահար բոլոր շրջաններուն մէջ մասնաճիւղեր հաստատեց եւ կանոնաւոր կազմակերպութեամբ սկսաւ ղեկավարել ընդհանուր գործերը:
Սակայն սովը հետզհետէ կը ծաւալէր եւ ահաւոր համեմատութիւններ կը ստանար: