Կիլիկիոյ Եւ Աղթամարի Կաթողիկոսութեանց Իրաւասութեանց Վերաբերեալ Քննարկումներ Եւ Որոշումներ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Մկրտիչ եպիսկոպոս Խրիմեանի օրով հրատապ դարձած էին Աղթամարի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց խնդիրները:
Աղթամարի Խաչատուր կաթողիկոս, որ 1864-ին, իր նախորդին` Պետրոս Բիւլբիւլի սպանութենէն ետք գահ բարձրացած էր, Պոլիս դատի կանչուած էր իբրեւ սպանութեան մեղսակից: Դատավարութիւնը, ընդմիջումներով ու ձգձգումներով, կը շարունակուէր, եւ Խաչատուր կաթողիկոս կը շարունակէր Պոլիս մնալ, սպասելով դատավարութեան վճիռին:
Պատրիարքարանին մէջ կատարուած դատավարութեան եզրակացութիւնը այն եղաւ, որ Խաչատուր կաթողիկոս անձնապէս պատասխանատու է իր նախորդի սպանութեան:
Խաչատուր կաթողիկոս խնդրագիր ներկայացուց պատրիարքին, վերաքննելու համար իր մասին տրուած վճիռը: Մկրտիչ պատրիարք խնդրագիրը ներկայացուց Ազգային ժողովին:
Խաչատուր կաթողիկոս իր խնդրագիրին մէջ ներողութիւն կը խնդրէր, որ իր ընտրութիւնը եւ օծումը կատարուած էին առանց Պոլսոյ պատրիարքութեան հաւանութեան, եւ կը խոստանար հպատակիլ Աղթամարի մասին տրուելիք հրահանգներուն:
Խաչատուր կաթողիկոսի դատի վերաքննութիւնը ձգձգուեցաւ եւ հետագային յանձնուեցաւ եկեղեցական համագումարի նկատողութեան:
Իսկ Սիսի աթոռին տագնապը սկսած էր Կիրակոս Բ. Աջապահեան կաթողիկոսի վախճանումէն ետք (1865 հոկտեմբերին), երբ Նիկողոս եպիսկոպոս գիշեր մը, գաղտագողի, մէկ եպիսկոպոսով ինքզինք կաթողիկոս օծել տուած էր: Պատրիարքարանը, որ արդէն Մկրտիչ եպիսկոպոս Սեմերճեանը տեղապահ նշանակած էր, պետական հրամանագիր հանել տուած եւ Նիկողոսը Պոլիս կանչած էր:
Ազգային Խառն ժողովը որոշեց, որ այսուհետեւ Սիսի եւ Աղթամարի կաթողիկոսները Ազգային ընդհանուր ժողովին կողմէ պիտի ընտրուին, իրենց ուխտը պատրիարքին առջեւ պիտի ընեն եւ օծուելէ ետք բարեկամական նամակ պիտի գրեն ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ պիտի յիշեն զայն:
Ազգային Խառն ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը տրամադրութիւն կը յայտնէր, որ ամենայն հայոց տիտղոսը միայն Էջմիածնի կաթողիկոսին պատկանի, Սիսի կաթողիկոսը ի քաղաքական յարաբերութիւն ունենայ Պոլսոյ Ազգային կեդրոնական վարչութեան հետ, իրաւունք ունենայ միւռոն օրհնելու եւ եպիսկոպոս ձեռնադրելու, ամէն առիթի Էջմիածնի կաթողիկոսին բարեկամական նամակաւ իմաց տալու պայմանով:
Սակայն Գէորգ Դ. ամենայն հայոց կաթողիկոս տարականոն եւ ցաւալի նկատած էր Խառն ժողովին տրամադրութիւնները, պնդելով որ մէկ է հայ եկեղեցին եւ մէկ պէտք է ըլլայ անոր գլուխը: Ան պայման դրած էր, որ Սիսի եւ Աղթամարի կաթողիկոսները ամենայն հայոց կաթողիկոսին ձեռամբ օծուին եւ պահանջած, որ հպատական ըլլան անոնց յարաբերութիւնները Էջմիածնի հետ: Ան նաեւ սպառնացած էր հակառակ պարագային Սիսն ու Աղթամարը հակաթոռ եւ ապօրինաւոր կաթողիկոսութիւններ նկատել:
Օրմանեան կը գրէ. «Ցորչափ Գէորգ կը փափաքէր հայ եկեղեցւոյ միութեան նշաւակ Մայրաթոռոյ գերագոյն դիրքը պահպանել ու պաշտպանել, եւ մինչեւ իսկ կերպով մը զգալի ընել տալ, նա իր իրաւունքին մէջն էր: Բայց երբոր նա սկսաւ այնպիսի բացատրութիւններ գործածել Կիլիկիոյ եւ Աղթամարայ աթոռներուն դէմ, զոր իր նախնիք գործածած չէին, ոչ աւանդական ճշմարտութեան, այլ անձնական յաւակնութեան հետեւելու կերպարանն առաւ: Նա երբեք իրաւունք չունէր հնաւանդ ուխտի ձեւը փոխելով անոր մէջ նորութիւններ մտցնել, զի թէպէտ կաթողիկոս էր, բայց շինիչ եւ ոչ քակտիչ, մերձեցուցիչ պէտք է ըլլար: Պատմութիւնը իրեն չէր նպաստեր երբոր յիշեալ երկու աթոռները անուանեալ, անվաւեր, հերստեալ, հակաթոռ կը կոչէր, զի իր նախորդները ամէն ատեն ընդունած եւ յարաբերութեան մէջ գտնուած էին նոյն աթոռներուն հետ եւ եթէ յարաբերութեանց շփումներ ալ կ՛ունենային, սիրայորդոր խորհրդակցութիւններով եւ ժողովներով կը փակուէին»:
Խրիմեան Հայրիկ պատրիարք ընտրուելէն ետք յատուկ գիր ուղղած էր Գէորգ Դ. կաթողիկոսին, յայտնելով զջերմեռանդութիւն եւ զորդիական հնազանդութիւն առ Մայրաթոռն: Իր կարգին Գէորգ Դ. Մկրտիչ պատրիարքէն պահանջեց անթերի գործադրել իր հրահանգները, միաժամանակ անոր հաղորդելով որ արքութեան պատիւ կը շնորհէ ընտրեալ պատրիարքին:
***
Ազգային ժողովի 22 հոկտեմբեր 1871-ի նիստը բացուեցաւ Գրիգոր Օտեանի ատենապետութեամբ, եւ կրկին քննութեան առնուեցաւ գաւառական հարստահարութեանց վերաբերեալ տեղեկագիրը Բարձրագոյն Դրան ներկայացնելու հարցը:
Խօսք առնելով Գրիգոր Օտեան ըսաւ.
– Երեսփոխանական ժողովը հաստատուած օրէն այսպիսի ծանր, այսպիսի փափուկ եւ ամէնուն սիրտը թրթռացնող խնդիր մը չէ ներկայացած ժողովոյս, կրնամ աւելցնել թէ ոչ երբեք խնդիր մը այսպէս յարմար ժամանակի մէջ ներկայացած չէ:
Ապա ան հարց տուաւ.
– Գաւառական հարստահարութեանց տեղեկագիրն` ժողովն այսօր քննութեան պիտի առնու՞ թէ ոչ:
Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց քննութեան առնել տեղեկագիրը:
Օտեան դիտել տուաւ, որ «Տեղեկագիրը երկու մասերու բաժնուած է. առաջնոյն մէջ գանգատները կը պարունակեն, իսկ երկրորդը անոնց դարմանները ցոյց կու տայ: Առաջին մասը չեմ կարծեր որ վիճաբանութիւն վերցնէ: Եթէ չափազանցութիւն կամ պակաս տեսնուի` միայն ցուցնելու է: Գալով երկրորդին` այն է դարմաններու կ՛ըսեմ, կ՛առաջարկեմ որ մի առ մի պէտք է վիճաբանինք անոնց վրայ»:
Զինուորագրութեան հարցին անդրադառնալով Ստեփան Փափազեան ըսաւ.
– Զինուորագրութիւնը բարոյապէս պիտի զօրացնէ հայ ժողովուրդը եւ զգացնէ, որ ինքն ալ երկրին տէրն է, համահաւասար պարտաւոր իր օսմանցի հայրենակիցին հետ իր ծառայութիւնը մատուցանել երկրին: Զէնքը ներկայ ժամանակիս մէջ պատուոյ, ընչից եւ կենաց պահպանութեան հարկաւոր պիտոյք մ՛է: Ասկէ զատ եթէ քննենք, որչափ պանդուխտ ունինք այժմ, ասոնց պատճառաւ ո՜րչափ երկիր անմշակ մնացած է, որչափ զաւակ տարուէ տարի կը կորսնցնէք, որչափ պանդուխտ օտարութեան մէջ կը կորսուին եւ այլն եւ այլն, այն ատեն լաւ կը հասկնանք թէ գաւառացիք փոխանակ կեանքն ամբողջ հողագործութեամբ անցընելու, եթէ անոր մէկ մասը վառօդ գործածելու, սուր շողացնելու նուիրեն, իրենց քրտնաց արդիւնքը պահպանելու, նիւթական շահու առաւելութիւն մը երեւան պիտի գայ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Խրիմեան Հայրիկ եւ ըսաւ, որ սկզբունքով կ՛ընդունի զինուորագրութեան հարցը, բայց վաղաժամ կը նկատէ զայն, որովհետեւ զինուորագրութեան սարսափը այնքան մեծ է, որ բոլորն ալ կը խուսափին եւ կ՛ուզեն տուրք տալ: Ան առաջարկեց, որ «Նախ` պէտք է ժողովուրդին կամքն առնել, միտքը պատրաստել, զէնքի եւ ինքնապաշտպանութեան, զինուորական պարտականութեանց մասին քարոզել, համոզել եւ ապա գործի անցնիլ: Այս պարագային է միայն, որ զինուորագրութիւնը հայութեան համար օգտակար կրնայ դառնալ»:
Իր կարգին Գրիգոր Օտեան հաստատեց ըսելով.
– Զինուորական տուրքը մեր տկարութեան տուրքն է: Հայը, ինչպէս ուրիշ ոչ-մահմետական ազգեր, հայրենեաց համար արիւն թափելու իբրեւ անկարող, անկարող զէնք գործածելու, բոլոր երկրին պաշտպանութիւնը մինակ մէկ ազգ մը վրան առած է եւ այս պաշտպանութեան փոխարէն միւս ազգերը հարկ կը վճարեն: Այդպիսի դրութեան մէջ պաշտպանութիւն անկարելի է: Երբ զինուորին յատուկ եղած պատուոյ զգացումը զարգանայ մեր մէջն ալ, այն ատեն հայ պիտի գտնէ իր նախնի նկարագիրը, զոր պիտի վերականգնէ գլորման ու ապականման վիճակէն, ուր ինկած է: Դարերով գերութեան վիճակի հետեւանք: Յայտնենք աշխարհին թէ մենք ալ մարդ ենք եւ արիութեան ընդունակ:
***
Պոլսոյ Ազգային ժողովը Սիսի տագնապը լուծելու համար այն եզրակացութեան յանգեցաւ, որ լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ, ընդունելով հանդերձ մայր աթոռին իրաւասութիւնները, նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը ձգել Կիլիկիոյ թեմակալներուն: Այնուհետեւ պատուիրակութիւն մը ուղարկուեցաւ Սիս` հսկելու համար նոր կաթողիկոսի ընտրութեան:
Կիլիկիոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը կատարուեցաւ 23 հոկտեմբեր 1871-ին, եւ Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Քէֆսիզեան, որ Սիսի միաբան չէր, ընտրուեցաւ կաթողիկոս:
Պոլսոյ Ազգային ժողովը նոյեմբեր 12-ին գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուց ընտրութիւնը, որմէ ետք, նոյեմբեր 28-ին կատարուեցաւ օծումը:
Գէորգ Դ. ամենայն հայոց կաթողիկոս, Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեանի ուղղուած 11 դեկտեմբեր 1871 թուակիր նամակով կը յանդիմանէր զինք, չարաչար գործածած ըլլալուն համար իր հանգամանքը եւ կը մերժէր ճանչնալ եղած կարգադրութիւնները:
Քանի մը օր ետք, 15 դեկտեմբեր 1871-ին Գէորգ Դ. երկու կոնդակ ուղարկեց Պոլիս: Առաջին կոնդակը ուղղուած էր Պոլսոյ պատրիարք Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Խրիմեանի, յայտնելով որ տարականոն է Կիլիկիոյ ընտրութեան վաւերացումը, իսկ Կիլիկիոյ վիճակաւորներուն կատարածը` ապօրինի, եւ կը սպառնար ընդվզողներն ու հակառակորդները դատապարտութեան ենթարկել: Երկրորդ կոնդակը ուղղուած էր Կիլիկիոյ ընտրեալ կաթողիկոս «գերապատիւ Մկրտիչ արքեպիսկոպոսին», անկէ պահանջելով իսկոյն հրաժարիլ կաթողիկոսութենէ:
Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեան եւ Ազգային վարչութիւնը պատասխանեցին կաթողիկոսի կոնդակին, հաստատելով որ իրենք աշխատած են մայր աթոռին հեղինակութիւնը պահպանել եւ ուրիշ ձգտում չեն ունեցած, բայց եթէ ամօթալի կացութեան մը վերջ տալ Սսոյ աթոռին մէջ: Անոնք կը նշէին, որ որեւէ դաւ կամ խարդաւանք չէր եղած իրենց կարգադրութեան մէջ, ինչպէս կը յիշէր կաթողիկոսը: Անոնք նաեւ դիտել կու տային, որ առաջին անգամը չէր, որ Էջմիածնի միաբան մը Կիլիկիոյ կաթողիկոս կ՛ընտրուէր:
Իր կարգին Մկրտիչ կաթողիկոս Քէֆսիզեան մերժեց անսալ կաթողիկոսութենէն հրաժարելու Գէորգ Դ.ի պահանջին:
Օրմանեան կը գրէ, որ այս «ցաւալի վիճակին առիթ չէր տրուեր, եթէ Գէորգ գործը չքննած եւ պարագաները չուսումնասիրած եւ խորհրդակցութեան եւ բանակցութեան չմտած, Քէֆսիզեանը հրաժարելու չհրաւիրէր: Մեր տեսութեամբ աւելի մեղադրելի կը նկատուի Գէորգը, երբ եկեղեցական եւ ազգային եւ քաղաքական տեսակէտները չկշռելով նախայարձակ կը լինի, քան Քէֆսիզեանը որ անարգուած` կացութիւնը պաշտպանելու կը մղուի»:
***
Սկիւտարի մէջ 21 յունուար 1872-ի գիշերը մահացաւ երիտասարդ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան:
Ընթերցասիրաց ընկերութիւնը եւ երիտասարդներ փափաք յայտնեցին նուագածութեամբ վերցնել մեռելը: Սակայն տաներէց տէր Գրիգոր քահանայ եւ թաղականները ընդդիմացան եւ թոյլ չտուին, հայ եկեղեցւոյ ոգիին եւ աւանդութեան հակառակ նկատելով նուագարանով յուղարկաւորութիւնը: Արարողութիւնը կ՛ուշանար:
Նոյն պահուն երիտասարդ մը` Աւետիս Գոռանեան մեկնեցաւ Գում Գափու` պատրիարքարան, Խրիմեան Հայրիկէն արտօնութիւն խնդրելու: Բայց Հայրիկ այդ օր Օրթաքէօյ մեկնած էր, Կիւմուշճի Գասպար աղային տունը, ուր հարսանիք կար: Գոռանեան պատրիարքական տեղապահ Արիստակէս սրբազանին դիմելով արտօնութիւն խնդրեց: Սակայն սրբազանը զգուշանալով ինքնագլուխ որոշում տալու զայն Օրթաքէօյ ղրկեց:
Աւետիս Գոռանեան Օրթաքէօյ հասնելով գտաւ պատրիարքը Կիւմուշճենց տան մէջ եւ Պետրոսի մահուան գոյժը տալով ներկայացուց խնդրանքը: Խրիմեան, որ հայրական խանդաղատանքով կը սիրէր Դուրեանը, սաստիկ յուզուեցաւ իմանալով տակաւին պատանի դժբախտ բանաստեղծին մահը եւ ըսաւ. «Հրաման չեմ տար, բայց կը ներեմ»:
Թաղումէն քանի մը օր ետք Խրիմեան Հայրիկ Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանցի ընկերակցութեամբ գնաց Սկիւտար եւ Պաղլարպաշիի գերեզմանոցի պատին տակ թաղուած բանաստեղծին գերեզմանը օրհնեց, «հոգւոց» մը արտասանեց եւ արտասուաթոր աչքերով հեռացաւ:
Ջոջ աղաներ պատրարքի մը համար անվայել նկատեցին մեն մենակ Պաղլարպաշի երթալը եւ աղքատ տղու մը գերեզմանը օրհնելը: