Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելգա Գրիգորեան կը վստահեցնէ, որ երկրի մարզերէն Երեւան բերուած պատմաճարտարապետական 51 կոթողները, որոնք այժմ կը գտնուին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ, մաքրուելէ, ամրակայուելէ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, վերականգնուելէ ու 2013-ի Յունուարի վերջը կայանալիք ցուցահանդէսին ներկայացուելէ ետք, պիտի վերադարձուին իրենց նախկին տեղերը:
«Երեւան են բերուել առաւել վտանգուած յուշարձանները, որոնք տուժել են ժամանակից եւ մարդկային գործօնի ազդեցութիւնից»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ այս գաղափարը ԱԺ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի եւ շարք մը այլ հասարակական գործիչներու մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր: Իսկ բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեան զայն որակած էր իբրեւ «մշակոյթի թալան» կամ «թալանի մշակոյթ»:
Նոյն խնդիրին շուրջ իր զայրոյթը յայտնած էր Գիւմրիի ժուռնալիստներու «Ասպարէզ» ակումբի խորհուրդի նախագահ Լեւոն Բարսեղեան` ըսելով, որ` «չտեսնուած-չլսուած բան է, որ մարդու տապանաքարը` խաչքարը, հանեն, տանեն Երեւանի կեդրոն` ցուցահանդէսի համար»: Ըստ արուեստագէտներու` ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ այդ «բեկորները» ետ պիտի ղրկուին: