321՝ Հռոմի Կոստանդիանոս Կայսրը կը հրամայէ տօնել Կիրակի օրը:
1815՝ Նափոլիոն Պոնափարթ, Էլպա կղզիէն փախուստ տալէ ետք վերադարձաւ Փարիզ եւ սկսաւ անոր գահակալութեան «Հարիւր օրը»:
1921՝ Միացեալ Նահանգներու Քանսաս քաղաքին մէջ ցուցադրուեցաւ առաջին կենդանի գծանկար ժապաւէնը:
1956՝ Թունուզ իր անկախութիւնը հռչակեց Ֆրանսայէն:
1984՝ Ծնաւ Սպանիոյ հաւաքականի եւ Չելսի խումբի ֆութպոլիստ Ֆեռնանտօ Թորէզը:
1991՝ Նիւ Եորքի մէջ մահացաւ երգիչ Էրիք Գլեփթընի չորս ամեայ զաւակը ( Շէնքի մը 53-րդ յարկէն վար ինկաւ):
1992՝ Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ երկիրներու նախագահներու առաջին հանդիպումը: