1772՝ Անգլիոյ մէջ ստրկութիւնը յայտարարուեցաւ անօրինական:
1832՝ Մահացաւ գերմանացի իմաստասէր Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէն (Ծնեալ՝ 1749):
1841՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ արտօնուեցաւ օսլայի արտադրութիւնը:
1882՝ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը արգիլեց բազմակնութիւնը:
1888՝ Լոնտոնի մէջ 12 ակումբներու ներկայացուցիչներ կազմեցին Անգլիոյ ֆութպոլի լիկան:
1920՝ Սկսան Շուշիի կոտորածները, որոնց հետեւանքով զոհուեցաւ աւելի քան 20 հազար հայ:
1935՝ Պարսկաստանը պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ Իրան:
1945՝ Գահիրէի մէջ հիմնուեցաւ Արաբական Երկիրներու Լիկան,որուն կազմին մէջ մտան Եգիպտոսը, Սուրիան, Լիբանանը, Իրաքը, Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան եւ Եմէնը: