ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ
«Ես թուրքիացի եմ, քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Երկրորդ` հայ եմ: Առաւել եւս,Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքին բարոյական մէկ մասնիկն եմ,անոնց ցեղակիցն եմ»:
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ
Պատմութիւնը հայունն է: Այս պարագային` Թուրքիոյ հայուն, եւ երեւի` պոլսահայ իրականութեան: Եւ ասիկա հայուն հարուստ պատմութիւններէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ հայկական Պոլիսը որքա՛ն մեծ աւանդ ստեղծած է հայկական գրական, մշակութային, կրթական եւ ազգային ժառանգութեան մէջ:
Պոլիս, 12-17 յունուար 2020: Հայկական Պոլիսը այնքան «լեցուն» է, որ ձանձրանալու ժամանակ չկայ: Ի՛նչ խօսք, որ նոյնքան նաեւ կարելի չէ յագենալ անկէ: Անկախ` թէ որքա՛ն յաճախականութեամբ է, որ այցելած ես այդտեղ, բայց միշտ «հարստութիւն» մը կայ հոն եւ հայկական շունչ, որ պիտի ուզես տեսնել եւ ընկալել:
Բերայի հայ աւետարանական եկեղեցին առաջին հայ աւետարանական եկեղեցին է, որ հիմնուեցաւ նոյն շարժումի ստեղծումէն անմիջապէս ետք` յուլիս 1846-ին, Պոլիս: Եկեղեցին կը պահէ իր հին եւ երբեմնի կառոյցը, ինչպէս որ հիմնուած էր: Այս իմաստով, կ՛ապրիս պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ: Եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը նուազած է գաղթի ու ճամբորդութիւններու պատճառով, բայց կայ տակաւին առաքելութեան կառչելու յանձնառութիւնը: Սոնա Էօզբենպէ եկեղեցւոյ քարոզիչն է: Եթէ պաշտամունքը երկլեզու է` հայերէն եւ թուրքերէն, բայց, ի՛նչ խօսք, որ հոգին հոն է… հայութեան մէջ: Ունին կարօտը հաղորդակցութեան, եւ ի մասնաւորի` դուրսի գաղութներուն հետ: Կրնայի տեսնել, թէ իմ այցելութիւնս քաջալերանք է, բայց նաեւ` կորով տալու փորձ, որ իրենք մինակ չեն:
Հրանդ Տինքի «Յիշատակի տունը» եւ իր «Ակօս» թերթի նախկին գրասենեակին մէջ զգացական, բայց նաեւ վաւերական պատմութիւն է: Արդէն շէնքի մուտքին` գետինը, կայ յիշատակի գրութիւն մը, թէ` «Այստեղ սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը»: Եւ իւրաքանչիւր նկար, խօսք, գրութիւն եւ վաւերագրական ժապաւէն` Հրանդ Տինքի մասին, պատմութիւնն է հայուն, որ պայքարած է իր ինքնութեան եւ արժանահաւատութեան համար: Հրանդ կը գիտակցի, որ երկրին քաղաքացին է` «քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան», բայց գիտէ նաեւ, որ ինք « հայ է»: Այն հայը, որ անջատուած չէ իր հայրենիքէն եւ ո՛չ ալ իր ցեղակիցներէն, որոնք աշխարհով մէկ տարածուած են: «Միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն եմ,անոնց ցեղակիցը»:
Դարձեալ կը մտածես: Հայ ենք`տարածուած աշխարհով մէկ: Եւ այս ալ մեր պատմութեան պարտադրած իրավիճակն է: Տարբեր ենք եւ եղանք, բայց օտար չենք, որովհետեւ մեր հայկական ինքնութիւնը մեզ վերածած է «մէկ մասնիկ»-ի: «Ցեղակից»-ի:
Կեդրոնական վարժարանին մէջ եմ: Կրթական օճախ մը, որ պատրաստած է հայ ժողովուրդի մտաւորական, գրող, մանկավարժ եւ ազգային ու հասարակական շատ մը գործիչներ: Չուշացաւ իմ փափաքս` յայտնելու տնօրէն Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանին, որ դարձեալ կ՛ուզեմ տեսնել դպրոցին սրահը: Հոն են մեր բոլոր «մեծերը»: Իրենց նկարներով: Բայց նաեւ հոն են անոնց հոգին ու շունչը, որոնք ապրած են ու տակաւին կ՛ապրեցնեն: Ինչպէս նաեւ` մշակութային-գրական այն մեծ ժառանգութիւնը, որ ձգեցին մեզի`իւրաքանչիւր հայուն: Երուխանը, Միսաք Մեծարենցը,Արամ Հայկազը, Արշակ Չօպանեանը` բոլորը… Բայց սրահին անկիւնը մասունքի մը նման պահուած է Կոմիտաս վարդապետին դաշնակը: «Մեծ հանդիսութեամբ յիշատակեցինք Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը», ըսաւ Սիլվան:
Նաթալի Պաղտատը, Տիանա Պուլտուքը եւ Մուրազ Սարանկիլը Կեդրոնական վարժարանին մէջ հայերէնի ուսուցիչներն են: Երեքն ալ` երիտասարդ հայորդիներ, որոնք մեծագոյն նուիրուածութեամբ կը սորվեցնեն մայրենին: Քաջալերական էր տեսնել, որ երիտասարդ ուժեր ստանձնած են մայրենիով դաստիարակութիւնը: Խօսեցանք մայրենիի դասաւանդումին եւ հայոց լեզուի խօսակցութեան նահանջին ու հայապահպանումին եւ տակաւին տարբեր մարտահրաւէրներու մասին` Թուրքիոյ իրականութիւններուն լոյսին տակ: Յստակ է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը ունի իւրայատկութիւններ: Եւ ճիշդ չէ Թուրքիոյ հայկական իրականութեան նայիլ մեր արտաքին աշխարհի ըմբռնումներէն եւ պրիսմակէն: Տարբեր է շատ բան: Կեանքը, մթնոլորտը, կացութիւնը, պայմանները, տուեալները եւ տակաւին` քաղաքական-ընկերային կարգավիճակները: Խօսեցանք այս բոլոր երեւոյթներուն մասին: Բայց այդ բոլոր իւրայատկութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մէջէն Նաթալին էր, որ իր երիտասարդ վճռական հայեացքով դրաւ իր համոզումը. «Բայց հայ ենք»:
«Հայ մամուլէն մինչեւ այսօր տակաւին չեմ կշտացած»:
Ռոպէր Հատտէճեանը ունի երկար տարիներու վաստակ` իբրեւ խմբագիր, գրող ու հրապարակագիր` «Մարմարա»-ի: «Արդէն իննսուն տարիքը անցայ,- ըսաւ ան: – Ֆիզիքականս ատենը մէյ մը կը յիշեցնէ իմ տարիքս», ժպիտը իր դէմքին եւ ուրախ տրամադրութեամբ մը շարունակեց իր զրոյցը:
Ռոպէր Հատտէճեանը շատ երկար ճամբայ կտրած է հայ մամուլի եւ հրապարակագրութեան առաքելութեան մէջ: Շատ ապրած եւ տեսած է…Բայց մանաւանդ ականատես եղած է թուրքահայ իրականութեան եւ անոր բոլոր մտահոգութիւններուն: Ան կը գիտակցի, որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Բայց «կարելի է միտքդ եւ մտահոգութիւնդ տարբեր ձեւերով արտայայտել ու վերջաւորութեան ըսել այն, ինչ որ կ՛ուզէիր ըսել», ըսաւ ան` նոյն ժպիտը եւ ուրախ տրամադրութիւնը դէմքին վրայ: Ռոպէր Հատտէճեան հաղորդական մարդ է, եւ իր հաղորդականութեան մէջ շատ բան կայ սորվելիք: Պէտք է սորվիլ մեր երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն փորձառութենէն եւ անոնց տեսադաշտերէն:
Արա Գոչունեանը երիտասարդ հայ մտաւորական-խմբագիր է, որ լաւապէս կը դրսեւորէ նոր սերունդի եւ ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան կառչելու գիտակցութիւնը: Ան ժառանգորդն է հայկական օրաթերթի մը`«Ժամանակ»-ին եւ անոր աւելի քան հարիւր տարիներու աւանդին, օրաթերթ մը, որ մեծ ներդրում ունեցած է հայկական մամուլի եւ հրապարակագրութեան պատմութեան մէջ`Թուրքիա եւ աշխարհով մէկ: Եւ Արային համար եթէ կան մարտահրաւէրներ, բայց հայ ինքնութիւնը եւ անոր պատմութեան շարունակականութիւնը վեր են ամէն տեսակի հաշուարկէ եւ գրաւականէ: Այս իմաստով, Արան կեցած է ամուր պատնէշի վրայ:
«Հայ կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ մօտաւորապէս երկու հազար հինգ հարիւր մարդ»: Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանն է Թուրքիոյ մէջ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը: «Մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ», ըսաւ ան: Գերապայծառը ծանօթ կղերական է, բայց նաեւ մտաւորական մարդ, որուն իմաստասիրական-փիլիսոփայական ու աստուածաբանական վաստակը մեծ է: Կրթական գործին կառչած է եւ կը հաւատայ հայ դպրոցին առաքելութեան` Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր: Հայ կաթողիկէ համայնքը Թուրքիոյ մէջ ունի պատմութիւն` միջին դարերէն սկսեալ: Եւ գերապայծառը այդ նոյն պատմութեան շարունակականութեան հաւատացողն է ու կառչած` անոր առաքելութեան:
«Այս հիւանդանոցը քաղաքին լաւագոյններէն է»: Թուրք վարորդն էր, որ զիս Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցէն հասցուց պանդոկ: « Հայկական է եւ բժշկական շատ լաւ կարելիութիւններ ունի», եզրակացուց ան, երբ ինքնաշարժէն վար իջայ:
Սուրբ Փրկիչը միայն հիւանդանոց չէ: Անիկա պատմութիւն է, որ տակաւին կ՛ապրի եւ կը վկայէ: Թանգարանը, եկեղեցին, բժշկական սարքաւորումները, տարեցներու պատսպարանը եւ տակաւին` գեղեցիկ պարտէզները: Հայուն պատմութիւնը կերտած բոլոր հայ պէյերը եւ ամիրաները իրենց նկարներով կը լեցնեն հայու հոգին: Կը նայիս իւրաքանչիւր նկարին եւ կրնաս տեսնել անոնց տեսիլքը, բայց մանաւանդ` անոնց հաւատքը: Հաւատքը` հայուն պատմութեան: Հայու կեանքը ապրելու, գոյատեւելու եւ անոր պատմութեան շարունակականութեան: 1830 թուականին հիմնուած, բայց եւ այնպէս ամուր կառչած` կը շարունակէ այս հիւանդանոցը` կերտելու համար հայուն պատմութիւնը:
Հայուն պատմութիւնը: Իմ եւ մեր իւրաքանչիւրին պատմութիւնը: Կը փորձեմ ապրիլ Հրանդ Տինքի «Յիշատակի տուն»-ը: Ինք չկայ: Բայց կայ իր «տուն»-ը`իր կեանքը: Իր ապրած իւրաքանչիւր փորձառութիւնը, որ կերտած է պատմութիւնը…Հայուն պատմութիւնը:
Եթէ Հրանդ Թուրքիոյ քաղաքացին է,ես ալ Լիբանանի եւ Կիպրոսի քաղաքացին եմ: Եւ չեմ ալ գիտեր, թէ իմ երկրային կեանքիս մէջ պիտի ստանա՞մ երրորդ քաղաքացիութիւն:
Բայց կը շարունակեմ: Եւ Հրանդը`« Հայ եմ…»: Ու տակաւին Նաթալին` «Բայց հայ եմ…»: Եւ իւրաքանչիւր պատմութիւն, որ տեսայ եւ ապրեցայ Պոլսոյ մէջ… «Հայ եւ հայկական էր»:
Եւ եթէ տակաւին լիբանանցի ու կիպրացի եմ, բայց «հայ եմ», եւ բոլորս հայ ենք: Եւ մեր բոլոր «տարբերութիւններուն» մէջէն` «օտար» չենք: Այլ բոլորս ալ «Հայաստանի ու Արցախի եւ աշխատարած հայկական սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն ենք, ցեղակից ենք»:
Եւ այս «մասնիկ»-ը` «ցեղակցութիւն»-ը, իմ-մեր եւ հայուն պատմութիւնն է, որ կը շարունակուի եւ պիտի…
Հայկական մտահոգութիւնները շատ են: Մարտահրաւէրները` բաւական: Պոլիս ու տակաւին քիչ մը ամբողջ հայկական իրականութեան մէջ:
Բայց կայ պատմութեան շարունակականութիւնը: Իմ եւ իւրաքանչիւր հայու պատմութեան շարունակականութիւնն է: Եւ պիտի շարունակուի, որովհետեւ…
Բոլորս հայ ենք:
Պոլիս եւ աշխարհով մէկ:
Եւ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը կը յաջողի, երբ բոլորս կը շարունակենք ապրիլ գիտակցութիւնը,
Որ` «հայ ենք…»: